Թուրքիոյ Հաթայի նահանգին մէջ գտնուող հայկական Վաքըֆլը գիւղին մէջ երկաշարժին հետեւանքով զոհեր չկան: Վնասուած են քանի մը տուներ, դպրոցի շէնքը, Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ պատը: Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան` գիւղին մէջ 130 բնակիչ կ’ապրի:
Վաքըֆլըի գիւղապետ Պերճ Քարթունը «Անատոլու» գործակալութեան ըսած է, որ Վաքըֆլըին Հաթայի եզակի բնակավայրերէն է, ուր զոհեր չկան: Ան ըսած է, որ երկրաշարժի պահուն գիւղի բնակիչները քնացած էին:
«Փառք Ամենաբարձրեալին, ոչ ոք տուժած է: Միայն նիւթական վնասներ կան: Ելեկտրամատակարարումը նախօրէին վերականգնուած է: Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Թուրքիոյ: Աստուած չտայ եւս մէկ անգամ նման բան վերապրիլ», ըսած է ան:
Ան յայտնած է, որ Հաթայ քաղաքին մէջ վեց հայ զոհուած է:
Պերճ Քարթունը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իշխանութիւններուն, որ աղէտի առաջին օրուընէ Վաքըֆլըին առանց ուշադրութեան չեն թողած` ապահոված են սննդամթերքով ու ծածկոցներով:
«Հազար շնորհակալութիւն: Օգնած են նաեւ շարքային քաղաքացիներ: Բոլորին շնորհակալութիւն, ովքեր օգնութիւն ուղարկած են», ըսած է ան:
Վագըֆլըին Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական գիւղն է Մուսա լերան լանջին: