Դեկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, ՄԱկ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանի պահանջով նիստ գումարեց` քննելու համար Լաչինի միջանցքի փակման հարցը: ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած նիստին Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ` տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու համար:
ՄԱԿ-ի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ անուանումով տարածաշրջան գոյութիւն չունի, իսկ Լաչինի ճանապարհը որեւէ մէկը չէ արգելափակած:
Մօտ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման ընթացքին Լաչինի միջանցքին ստեղծուած կացութեան անդրադարձան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի տասնէ աւելի պետութիւններու դիւանագէտները` որոնց շարքին բոլոր մնայուն երկիրները` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Չինաստանը եւ Մեծն Բրիտանեան:
Ֆրանսիայի ներկայացուցիչը պահանջեց անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը եւ հնարաւորութիւն տալ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն մուտք գործել տարածաշրջան: Միացեալ Նահանգների ներկայացուցչի ելոյթը նուիրուած էր Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող ճանապարհի փակման թէ’ մարդասիրական եւ թէ’ քաղաքական հետեւանքներուն:
Ռուսաստանը ներկայացնող դիւանագէտի խօսքով` ճգնաժամի սկզբէն ի վեր Մոսկուան է, որ ակտիւօրէն կ’աշխատի հարցի յաղթհարաման ուղղութեամբ: Ան յայտնեց որ, այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան Ատրպէյճանի բնապահպան փորձագէտներու Լեռնային Ղարաբաղի հանքավայրեր այցելութիւններու չափանիշներուն շուրջ: