Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական հինգ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ:
Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի` վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը եղած է, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի հերթական խախտումն ու անվտանգային հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներուն կողմէ տրուած են պարզաբանումներ: Մասնաւորապէս յղում կատարելով 9 Նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան` նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլր անվտանգային բաղադրիչները` սկսած 5 քիլոմեթրնոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում:
Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը նշած է, որ օգոստոսեան դէպքերուն հետ կապուած կատարած են անհրաժեշտ եզրահանգումներ, միաժամանակ վստահեցուցած են, որ լրացուցիչ ջանքեր պիտի գործադրեն` ապագային նմանօրինակ խախտումները կանխելու եւ մեր բնակչութեան պատշաճ անվտանգութիւնը ապահովելու համար: