38-ամեայ Յարութիւն Մերտինեանը երկրորդ անգամ նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը:
Միւնխենում ընթացող սպորտային մարմնամարզութեան Եւրոպայի առաջնութեան ընթացքին Հայաստանի հաւաքականի աւագ Յարութիւն Մերտինեանը նժոյգ թափեր վարժութեան մէջ նուաճեց ոսկէ մետալ:
Մերտինեանը եզրափակիչին վաստակեցաւ 14,733 կէտ: Արծաթէ մետալակիր դարձաւ հոլանտացի Լորան Մունքը (14,700), պրոնզէ մետալակիր գերմանացի Նիլս Դանկել (14,633):
Յարութիւն Մերտինեանն առաջին անգամ Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր 2016 թուականին:
Մարմնամարզութեան Եւրոպայի առաջնութեան ընթացքին Հայաստանի հաւաքականի առաջատարներից Արթուր Դաւթեանը նուաճեց փոխախոյեանի կոչումը յենացատկի մէջ:
Ողիմպիական պրոնզէ մետալակիրը եզրափակիչին վաստակեցաւ 14,983 կէտ: Նոյնքան կէտ վաստակեցաւ նաեւ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած բրիտանացի Ջեյք Ջարմանը (14,983): Ան Արթուր Դաւթեանի նկատմամբ առաւելութիւն ունեցաւ երկրորդ ցատկի բարդութեամբ: Այս վարժութեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Իգոր Ռադիվիլովը (14,899):
Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորած հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան պայքարն կ`աւարտէ մէկ ոսկի, մէկ արծաթէ մետալով:
Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան ընթացքին Հայաստանի խումբը նուաճեց մէկ ոսկի, երկու արծաթէ մետալներ: Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Էրիկ Բաղդասարեանը (զուգափայտ), արծաթէ մետալակիր` Համլետ Մանուկեան (նժոյգ թափեր, օղակներ):