«Մենք ունեցել ենք մի քանի առաջարկութիւն կապուած Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի հետ` եւ Ատրպէյճանի կողմից, եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից. բոլոր առաջարկութիւնները մերժուել են»: Այս մասին Արցախի խորհրդարանին մէջ յայտնեց նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Ան նաեւ նշեց, որ ներկայիս առաջարկուող մայրուղին քանի մը անգամ քննարկուած է Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ, որուն մասնակցած են Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը:
«Մենք ընտրել ենք, մեր կարծիքով, լաւագոյն տարբերակը», նշեց Յարութիւնեանը` պարզաբանելով, որ ներկայիս տարբերակին վրայ ընտրութիւնը կանգ առած է անվտանգութեան տեսանկիւնէն:
«Շինարարութիւնը աւարտուելուց յետոյ, մենք հնարաւորութիւն ենք ունենալու մեր գնահատականը տալու դրա որակի եւ անվտանգութեան առումով: Իմ կարծիքով` նոր ճանապարհը շատ աւելի անվտանգ է լինելու` բազմաթիւ անվտանգային խնդիրներ հաշուի առնելով», պարզաբանած է նախագահը` խոստանալով անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն փակ ձեւաչափով անդրադառնալ: