ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Պապ Մենենտես մտահոգիչ համարած է հաղորդագրութիւնները Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի արեւելեան սահմանին դէմ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայ զինծառայողներու զոհուելու եւ գերեվարուելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մենենտեսի յայտարարութիւնը տարածած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի «Թուիթըր»-ի էջը:
Մենենտես ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը կ’օգնէ հնարաւոր դարձնելու հայերու դէմ ուղղուած հրեշաւոր գործողութիւնները: «Ժամանակն է ընդունիլ իմ առաջարկած փոփոխութիւնը այդ օգնութիւնը դադրեցնելու մասին»,- նշած է Մենենտեսը: