Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Անդրադարձած Է Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութեան

Փութին Անդրադարձած Է Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութեան

by MassisPost

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին փոխհրաձգութիւնները կը վկայեն, որ իրավիճակը այնտեղ դեռ վերջնականապէս հանդարտած չէ։ Ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը՝ որպէս հրադադարի ռեժիմի պահպանման եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու երաշխաւոր, չափազանց կարեւոր է», – յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Խօսելով տարաձայնութիւնները հարթելու մասին՝ Փութին ըսած է, թէ «այսօր կը մեծնայ ռուս դիւանագիտութեան դերը՝ վիճելի հարցերու կարգաւորման, տնտեսական կապերու, կենսական նշանակութեան փոխադրային միջանցքներու ապաշրջափակման հարցերով»։ «Իմ կարծիքով, կարգաւորման հեռանկարները վատ չեն։ Իրականութեան մէջ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները շահագրգռուած են այս հարցերու երկարաժամկէտ լուծումը գտնելու հարցով», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։

Աւելի վաղ՝ Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, թէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման ու սահմանագծման նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է։ Փաշինեան մանրամասնութիւներ չէր յայտնած, միայն ըսած էր, որ ռուսական կողմի առաջարկութիւնը ընդունելի է Հայաստանի համար։

«ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ սահմանազատման ու սահմանագծման նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ առաջարկները հայկական կողմի համար ընդունելի են»։ Այս մասին կառավարութեան նիստին ըսած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Երէկ Ազգային ժողովի հարց ու պատասխանի ժամանակ ես յայտարարեցի, որ 2021 թուականի Մայիսից ի վեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանների միջեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու վերաբերեալ երեք առաջարկ է հնչել Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից։ Երեքն էլ մեզ համար ընդունելի են եղել եւ շարունակում են ընդունելի մնալ։ Երէկ իմ յայտարարութիւններից յետոյ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման ու սահմանագծման նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ հանդէս է եկել առաջարկութիւններով։ Եւ ես ուզում եմ վերահաստատել, որ այդ առաջարկութիւնները մեզ համար ընդունելի են»,- ըսած է Փաշինեանը։

Ան պաշտպանութեան նախարարին յանձնարարեց․ «Պարոն Պապիկեան, ՌԴ ձեր գործընկերոջ հետ խնդրում եմ ճշգրտէք մանրամասները, եւ փորձենք իրագործել առաջարկները՝ ՌԴ արած առաջարկների շրջանակներում եւ հիման վրայ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment