Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Խորհրդարան, Նոր Կառավարութիւն, Նոյն Մարտահրաւէրները

Նոր Խորհրդարան, Նոր Կառավարութիւն, Նոյն Մարտահրաւէրները

by MassisPost

Այս շաբաթ Հայաստան թեւակոխեց նոր շրջան`  նոր խորհրդարանով ու նոր կառավարութեամբ:  Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն արդիւնքներով, խորհրդարանական մեծամասնութեան վարչապետի թեկնածուն` Նիկոլ Փաշինեան, Սահմանադրութեան պահանջներուն համաձայն, նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ նշանակուեցաւ վարչապետ: Նոր կառավարութեան կազմը արդէն իսկ սկսած է ձեւ ստանալ` նկատելի փոփոխութիւններով: Նախկին կառավարութեան ու իշխող կուսակցութեան կարգ մը կարկառուն դէմքերը, որոնք Փաշինեանի կողքին եղած էին Թաւշեայ Յեղափոխութենէն առաջ, ընթացքին ու անկէ ետք, իրենց տեղերը սկսած են զիջիլ նոր նշանակուած նախարարներու, որոնց ուսերուն պիտի իյնայ պատերազմէն յետոյ վերականգնումի ծանր գործը:

Կառավարութեան զուգահեռ` նկատելի փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ Ազգային Ժողովը: Որպէս օրէնսդիր մարմինի նախագահ, Արարատ Միրզոյեանին եկաւ փոխարինելու Ալան Սիմոնեանը, որու առաջին պարտականութիւններէն մէկը եղաւ Խորհրդարանի շէնքէն ներս ապահովութեան խիստ միջոցառումներու հաստատումը: Սիմոնեան առանց թաքցնելու յայտարարեց, որ  ապահովութեան յաւելեալ միջոցներու կիրառումը կը կատարուի կանխելու համար 1999 թուական Հոկտեմբեր 27-ին Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած սպանդի կրկնութիւնը ու նկատի առնելով նոր Խորհրդարան մուտք գործած շարք մը պատգամաւորներու ոչ հեռու անցեալի վարքագիծը, երբ վարչապետի սպանութեան կոչերով հանդէս կու գային յետպատերազմեան ցոյցերու ընթացքին:

Քաղաքական գործընթացներու կողքին ուշագրաւ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի շնորհաւորական նամակը` ուղղուած Նիկոլ Փաշինեանին: «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին` հաւատարիմ իր կոչմանը, պիտի շարունակի իր աջակցութիւնը բերել մեր պետականութեան զօրացմանը` իր կարողութիւններն ի սպաս դնելով նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերի առաւել արդիւնաւորմանը, աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի ազգային ինքնութեան գիտակցութեան ամրապնդմանը եւ հոգեւոր կեանքի առաջընթացին», – ըսուած էր Վեհափառի ուղերձին մէջ: Այսպիսով, որոշ չափով առիթ կը ստեղծուի նոր էջ մը բանալու Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ, որուն բարձրաստիճան հոգեւորականները միանալով արմատական ընդդիմութեան` հանդէս եկան  վարչապետի հրաժարականի պահանջով, ինչ որ խրամատ յառաջացուց ոչ միայն Պետութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ, այլ եւ Եկեղեցւոյ ու Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայութեան մէկ ստուար զանգուածին միջեւ:

Միւս կողմէ, Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կը մնայ լարուած: Պաքու կը փորձէ ամէնօրեայ բախումներ հրահրելով Հայկական կողմին պարտադրել զիջումներ, որոնք դուրս կ՛իյնան  Յունուար 11-ին ստորագրուած Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմ յայտարարութեան բովանդակութենէն: Այս կապակցութեամբ, վարչապետ Փաշինեան պաշտպանութեան նոր նախարարի  ներկայացման առթիւ բանակի բարձրագոյն սպայակազմին առջեւ անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ատրպէյճանին միջանցք տալու օրակարգ գոյութիւն չունի ու չի կրնար ունենալ: «Բոլորը պէտք է իմանան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով  միջանցքի վերաբերեալ երբեք որեւէ պայմանաւորուածութիւն չի եղել: Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ բանաւոր, ո՛չ գրաւոր այդ թեմայի վերաբերեալ ոչ միայն որեւէ պարտաւորութիւն չի ստանձնել, այլեւ մենք բոլոր դէպքերում, երբ այդպիսի նախադասութիւններ  հնչել են, յստակ մեր դիրքորոշումներն արտայայտել ենք: Եւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որ ունենք, ըստ էութեան, արտայայտուած են Նոյեմբերի 9-ի եւ Յունուարի 11-ի յայտարարութիւնների մէջ», – շեշտեց վարչապետը:

Նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ համաճարակի դէմ  պայքարը: Հայաստանի մէջ պատուաստումի արշաւը կ՛ընթանայ խիստ դանդաղ ու մեծ թիւով քաղաքացիներ կը մերժեն լսել առողջապահական ոլորտի պատասխանատուներու յորդորները, որ վարակը յաղթահարելու միակ ձեւը պատուաստումն է: Առանց այս տագնապի լուծման կարելի պիտի չըլլայ վերադառնալ բնականոն կեանքի ու աշխատանքի:

Աւելի յուսադրիչ է իրավիճակը տնտեսական գետնի վրայ: Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ամիսէ-ամիս կը բարձրանան աշխատատեղերու թիւերը: Կը բարձրանան նաեւ աշխատավարձերը, յատկապէս մասնաւոր հատուածէն ներս: Որոշ ոլորտներու մէջ կայ նոյնիսկ աշխատողներու պակաս ու բացը գոցելու համար այլ երկիրներէն գործաւորներ կու գան Հայաստան: Նկատելիօրէն աւելցած է նաեւ արտասահմանէն ուղարկուող փոխանցումներու ծաւալը, որոնք մեծ դեր ունին  տնտեսութեան աշխուժացման ու դրամի շրջանառութեան մէջ: Ասոնց կողքին կան  Եւրոպական կառոյցներու մեծածաւալ ներդրումներու մասին յանձնարարութիւնները, որոնց իրականացումը մեծապէս պիտի նպաստէ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման:

Այսուհանդերձ, տնտեսական գետնի վրայ  մեծ աշխատանք կայ տակաւին կատարելիք: Վիճակի որոշ բարելաւումները ուղղակի արդիւնք են վերջին տարիներուն կաշառակերութեան նուազումին ու պետական գանձի կողոպուտի բացակայութեան:

Ահաւասիկ այս պայմաններուն տակ է որ, նոր խորհրդարանն ու նոր կառավարութիւնը կ՛անցնին գործի` իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները  յաղթահարելու, իրականացնելու ժողովուրդի սպասումները ու երկիրի նաւը առաջնորդելու աւելի կենսունակ ու ապահով ափ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment