Ազատ ոճի ըմբիշ՝ Վազգէն Թեւանեան զրկուեցաւ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալի համար պայքարելու հնարաւորութենէն:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Վազգէն Թեւանեան առաջին գօտեմարտին պարտուած էր Ռուսաստանի Ողիմպիական կոմիտէի հաւաքականի անդամ Կաճիմուրադ Ռաշիտովիէն եւ հնարաւորութիւն կ’ունենար պայքարելու պրոնզէ մետալին համար, եթէ Ռաշիտովը անցնէր եզրափակիչ: Սակայն կիսաեզրափակիչին Ռաշիտով պարտուեցաւ Ճափոնը ներկայացնող Թաքութօ Օթոկուրոյէն: Թեւանեան զրկուեցաւ պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտէն:
Հայաստանը 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն նուաճած է 4 մետալ: Ծանրորդ՝ Սիմոն Մարտիրոսեանը եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ՝ Արթուր Ալեքսանեանը նուաճած են արծաթեայ, իսկ մարմնամարզիկ՝ Արթուր Դաւթեանն ու բռնցքամարտիկ՝ Յովհաննէս Պաչկովը՝ պրոնզեայ մետալ:
Հայ մարզիկները աւարտած են Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին իրենց ելոյթները:
Թոքիոյի ամառնային Ողիմպիական խաղերը կ’աւարտին Օգոստոս 8-ին: