Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 2474-ով՝ հասնելով 73 310-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 14 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 5 760 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 368053-ի:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 1145-ի, եւս 329 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 21560 մարդ: