ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրները յառաջիկային պէտք է ընտրեն Ընդհանուր ժողովի հերթական՝ 75-րդ նստաշրջանի նախագահը։ Նստաշրջանը աշխատանքները պիտի սկսի յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
Նախագահի պաշտօնին համար միայն մէկ թեկնածու կայ, Թուրքիոյ փորձառու դիւանագէտ եւ քաղաքական գործիչ Վոլքան Պոզքիրը։ Անոր անունը նախապէս ուղարկուած է ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն, միաձայն աջակցութիւն ստանալու համար, սակայն շարք մը երկիրներ քուէարկութիւն պահանջած են ։
Քանի որ գործընթացը հրապարակային չէ, դիւանագէտները առանց բացայայտելու իրենց անունները, «Ասոշիեյթըտ Փրես»-ին երեք երկիր նշած են, որոնք քուէարկութիւն կը պահանջեն՝ Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս։