Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը անցեալ շաբաթ նամակ յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին համայնքային խնդիրներու շուրջ:
Նամակին մէջ Պատրիարքը, յիշատակելով նախագահին հետ Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, ուշադրութեան յանձնած էր ազգային-եկեղեցական կեանքին առնչուող օրակարգային հարցերը: Սահակ Պատրիարքը հրատապ համարած էր մասնաւորապէս համայնքային հիմնադրամներու ղեկավար կազմի առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, ակնկալելով պետութեան զօրակցութիւնը:
Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հաղորդումով, նամակի առնչութեամբ նախագահի աշխատակազմէն կապ հաստատած են Պատրիարքի հետ, յայտնելով, որ համաճարակի ճգնաժամի յաղթահարումէն յետոյ լուծում կը տրուի մատնանշուած խնդիրներուն:
Պատրիարքարանի դիւանը, իր հերթին, համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուցած է, որ «կարեւոր հարցերը արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատկան մարմիններու օրակարգի վրայ են, անոնց լուծման ուղղութեամբ զգալի է դրական կամքը, եւ կը շարունակուին համապատասխան աշխատանքները»: