Home ՍՓԻՒՌՔ Թուրքիոյ Նախագահի Աշխատակազմէն Արձագանգած են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Նամակին

Թուրքիոյ Նախագահի Աշխատակազմէն Արձագանգած են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Նամակին

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը անցեալ շաբաթ նամակ յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին համայնքային խնդիրներու շուրջ:

Նամակին մէջ Պատրիարքը, յիշատակելով նախագահին հետ Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, ուշադրութեան յանձնած էր ազգային-եկեղեցական կեանքին առնչուող օրակարգային հարցերը: Սահակ Պատրիարքը հրատապ համարած էր մասնաւորապէս համայնքային հիմնադրամներու ղեկավար կազմի առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, ակնկալելով պետութեան զօրակցութիւնը:

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հաղորդումով, նամակի առնչութեամբ նախագահի աշխատակազմէն կապ հաստատած են Պատրիարքի հետ, յայտնելով, որ համաճարակի ճգնաժամի յաղթահարումէն յետոյ լուծում կը տրուի մատնանշուած խնդիրներուն:

Պատրիարքարանի դիւանը, իր հերթին, համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուցած է, որ «կարեւոր հարցերը արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատկան մարմիններու օրակարգի վրայ են, անոնց լուծման ուղղութեամբ զգալի է դրական կամքը, եւ կը շարունակուին համապատասխան աշխատանքները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment