Հայաստանի մէջ, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 72-ով՝ հասնելով 1473-ի, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:
Կեդրոնի պաշտօնական կայքին վրայ, Ապրիլ 22-ի ժամը 11-ին հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 24-ով եւ հասած 633-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կազմած է 14 հազար 966, մէկ օրուայ մէջ կատարուած է հազարէն աւելի հետազօտութիւն:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն, տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 816 մարդ:
Մահացողներու ընդհանուր թիւն է 24: