«Քորոնա» ժահրը աննկատ չ’անցնիր Հայաստանի տնտեսութեան համար, քանի որ այս երեւոյթը հարուածած է ոչ միայն նաւթի գիները, այլեւ` զբօսաշրջութիւնը: Այս մասին 12 մարտին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար՝ Տիգրան Խաչատրեան:
Ըստ նախարարին` երկրի կառավարութեան համար «Քորոնա» ժահրի տարածման հետ կապուած առաջնային նշանակութիւն ունի առողջապահութեան եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը: «Տնտեսական գնահատականներ տալու համար դեռ վաղ է: Երբ կը կանխուի հնարաւոր վնասը առողջապահութեան մասով եւ վստահութիւն կ’առաջանայ, որ վտանգ չկայ, դրանից յետոյ միայն հնարաւոր կը լինի հաշուարկել տնտեսական ազդեցութիւնն ու հետեւանքների մեղմացման ուղիները», – աւելցուցած է նախարարը: