Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:
Մնացականեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Լաւրովին հանդիպելու եւ որոշ «հիմնական հարցեր» քննարկելու հնարաւորութեան համար:
Աւելի ուշ Հայաստանի ԱԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապութեան շարք մը հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներ:
ԱԳ նախարարները անդրադարձ կատարած են նաեւ ԼՂ խաղաղ գործընթացին:
Նախարարներու նախորդ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Նոյեմբերին Լաւրովի Երեւան այցի ընթացքին:
Նախարարները կը մասնակցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման: