Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ հաստատուելէ ետք ու նախագահի ստորագրութեան արժանանալով Սահմանադրական Դատարանի եօթը անդամներու պաշտօնավարութիւնը դադրեցնելու օրինագծի գործադրութիւնը թեւակոխեց վճռական հանգրուան: Ապրիլ 5-ին կայանալիք ժողովրդային հանրաքուէով, նախկին իշխանութեան ազդեցութեան տակ գտնուող վերջին «ամրոցը»՝ Սահմանադրական Դատարանը կարելի պիտի ըլլայ ենթարկել հիմնական փոփոխութեան:
2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կարճ ժամանակուայ մէջ կարողացաւ լուծել գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան հարցը՝ ձեւաւորելով ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող խորհրդարան եւ կառավարութիւն: Սակայն, դատական իշխանութեան հարցը մնաց առկախ, վերածուելով սուր տագնապի, որ սկսած էր խոչընդոտել երկրէն ներս ծաւալուող բարեփոխումներու գործընթացին:
Սահմանադրական Դատարանի 9 անդամներէն 7-ն, որոնց հեռացնելու նպատակաուղղուած է հանրաքուէն, ընտրուած են հին սահմանադրութեամբ նախատեսուած օրէնքներով, որոշ պարագաներուն նաեւ խախտելով կամ շրջանցելով նոյն այդ օրէնքները: Երկար ժամանակէ ի վեր իշխանութիւնները կը փորձեն համոզել այդ եօթը անդամները, որպէսզի կամովին հեռանան իրենց պաշտօններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը օժտել ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող Սահմանադրական Դատարանով: Դատարանը իր ներկայ կազմով երկար տարիներ եղած է նախկին իշխանութիւններուն ենթակայ մարմին մը, որ հաստատած է անոնց բոլոր զեղծարարութիւնները, յատկապէս յաջորդական ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած լայնածաւալ ու «աչք ծակող» խախտումներն ու կեղծիքները: Այդ եօթը անդամներուն առիթ տրուած էր մինչեւ Փետրուարի վերջը, որպէսզի ինքնակամ հեռանան ու ցկեանս ստանան իրենց ներկայի արշխատավարձերը: Այս կարգադրութեամբ բացուած պատուհանը մինչեւ օրս չօգտագործուեցաւ Դատարանի ոչ մէկ անդամին կողմէ: Սակայն գիտակցելով իրենց սպասող անորոշ ճակատագրին, անհաւանական չէ, որ անոնցմէ ոմանք եւ կամ բոլորը ներկայացնեն իրենց հրաժարականը՝ մինչեւ ամսուայ աւարտը:
Այս օրերուն կ՛ընթանան բուռն բանավէճեր՝ իրաւաբաններու եւ սահմանադրական հարցերու մասնագէտներուն միջեւ: Ոմանց կարծիքով օրինագիծը հանրաքուէի դրուելէ առաջ պէտք է արժանանայ Սահմանադրական Դատարանի հաւանութեան: Իշխանութեան տեսակէտը պաշտպանող իրաւագէտները կը պնդեն, որ Սահմանադրական Դատարանը իրաւասու չէ քննելու այս հարցը, նկատի ունենալով որ այն կը վերաբերի իրենց անձին եւ բնականաբար անոնք ունին շահերու բախում:
Մինչ այս վէճերը կը շարունակուին, հանրաքուէի նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են ու «Այո»-ի կողմնակիցները արդէն իսկ յայտնի կը դառնան, գլխաւորութեամբ իշխող՝ «Իմ Քայլը» դաշինքին: Առայժմ յստակ չէ, թէ ո՞ր ուժերը պիտի հանդիսանան «Ոչ»-ի դրօշակակիրները: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ներկայացնող երկու ուժերը՝ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները, ըստ երեւոյթին պատրաստ չեն այդ ծանր բեռը ստանձնելու եւ ժողովուրդի հակազդեցութեան արժանանալու: Նախկին իշխանութիւններու կողմնակիցները առայժմ խարխափումի մէջ են: Մասնակցի՞լ ընտրութիւններուն եւ «Ոչ» քուէարկելու կոչով հանդէս գալ ու այդպիսով «յեղափոխական զանգուածը» ակամայ զօրաշարժի ենթարկել, թէ՞, հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելով վերջաւորութեան յաղթանակ յայտարարել՝ ընտրութիւններուն բոլոր չմասնակցողները իրենց կողմնակիցները հռչակելով:
Յառաջիկայ օրերուն պատկերը աւելի կը բիւրեղանայ, սակայն իշխանութիւններու այս քայլը, թէկուզ ուշացած, պիտի գայ իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու յեղափոխութիւնը ու այս հանգամանքը նկատի ունենալով, խիստ կարեւոր է ժողովուրդի մեծաթիւ մասնակցութիւնը հանրաքուէին, կանխելու համար բոլոր տեսակի կասկածներն ու շահագործումները:
«ՄԱՍԻՍ»