Ընտրանի հասարակութիւն մը փութացած էր Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանի սրահը, ներկայ գտնուելու հրապարակային քննարկումի մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 19 Նոյեմբեր, 2019ին: Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի խորհրդական Էտկար Գրիգորեան, երեք կուսակցութիւններու շրջանային ղեկավար ներկայացուցիչներ եւ ընտրանի հասարակութիւն մը:
«Նոր Օր» շաբաթաթերթի նախաձեռնած սոյն միջոցառումին գլխաւոր նիւթն էր «Ներկայ Հայաստանի յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, ժողովրդավարարութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակը»:
Նախաձեռնող օրկանի անունով ներկաներուն ողջունեց «Նոր Օր»ի խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ թաւշեայ յեղափոխութեան առթիւ Մայր Հայրենիքի մէջ կազմաւորուած ժողովրդային զարթօնքին եւ անոր հետեւանքներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, որպէս օրուան քննարկումը համադրող:
Կարօ Ղազարեան, ներածական ընդարձակ ելոյթով մը, բացայայտումներ կատարեց Հայաստանի վերջին երկու տասնամեակներուն տիրող ընդվզեցուցիչ իրավիճակի մասին, որուն որպէս հետեւանք` ժողովուրդը յոգնած էր եւ Նիկոլ Փաշինեան խիզախութիւնն ունեցաւ ոտքի կանգնելու, ձայն բաձրացնելու արդարութեան եւ բարեկարգութիւններու պահանջներով:
Ծանօթ հասարակական գործիչ եւ վերլուծաբան Փանոս Թիթիզեան, իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով հայրենի իրականութեան ըսաւ.- «… ուր էինք, ուր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք…»: Ան նշեց որ երկրէն ներս փոփոխութիւններն անհրաժեշտ էին, քանի որ ժողովուրդը այլապէս դունդ կ՛երթար: Անդրադառնալով թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստան արտաքին քաղաքականութեան նշեց որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ, եղածը ներքին է: Իսկ դրացի Վրաստանի մէջ յեղափոխական պոռթկումը հակառակ դրսեւորում ունեցաւ:
Փ. Թիթիզեանի կարծիքով «առանց ռուսի պաշտպանութեան մենք կը կորսնցնենք մեր դիմագիծը: Պէտք է Եւրոպայի եւ արեւմուտքին ալ նայինք առանց ռուսը վշտացնելու: Քաղաքականութեան մէջ ճկունիւթիւնն անհրաժեշտ է…» յարեց ան:
«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան իր ելոյթին մէջ նշեց.- «…Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր իշխանութիւնները բարեփոխութիւններ սկսան թէ տնտեսական, թէ վարչական եւ թէ ներքին բնագաւառներու մէջ: Առանձին եւ ուշագրաւ երեւոյթն այն էր որ սկսաւ օլիկարխներու մենաշնորհներուն սանձարձակ գործունէութիւնները օրինական հակաշիռի ենթարկել: Միաժամանակ զարկ տալ ազատ շուկայական յարաբերութիւններուն, որ յանգեցաւ արագ լուծման: Փաշինեանի օրով զարկ տրուեցաւ նաեւ առեւտրական եւ այլ հաստատութիւններու հարկերու գանձումներուն: Գալով Արցախի հիմնահարցին` բանակցային ֆորմաթին մէջ պէտք է որ Արցախն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ, իսկ արտաքին քաղաքականութեան մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան կերտիչները` չափաւորեալ եւ իրատես գործելաոճ որդեգրեցին»:
Դատական համակարգին մէջ` կարելի չեղաւ արմատական բարեփոխութիւններ կատարել, մասնաւորաբար Սահմանադրական ատեանի կարգավիճակէն ներս:
Արդարեւ, այս բոլորի կողքին գլխաւոր յաջողութիւնը ժողովրդային խաւերու մէջ ստեղծուած վերածաղկումն էր եւ իշխանութիւններու նկատմամբ վստահութեան դրսեւորումը, որուն ապացոյցներէն մին էին հաւասար ընտրութիւնները:
«Ասպարէզ» օրաթերթի կողմէ ելոյթ ունեցաւ ծանօթ հրապարակագիր եւ մանկավարժ Ժան Գոսագեան: Ան պատմական անդրադարձ մը ունեցաւ Հայաստանի դիմագրաւած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն: Մասնաւորաբար նշեց Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու ռուսական տիրապետութիւնը նուազեցնելու որոշ կառոյցներու մէջ: Ան յատուկ կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանի աթոմակայանն ու հանքարդիւնաբերութիւնը: Ժ. Գոսագեան ընդգծեց նմանապէս ռուսական ուժեղ հակաշիռի ներկայութեան դիմաց տկար դիմադրողականութիւնը եւ ռուսական զինուորական խարիսխտներու ամրացումը Հայատանի մէջ: Ան ձեւով մը դրուատեց նաեւ Եւրոխորհուրդի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը, միաժամանակ պաշտպան կագնելով Արցախի հարցով տեղւոյն ժողովուրդին ինքնորոշման պահանջին:
Հանդիպման աւարտին օրուան զեկուցաբերներու հետ հարց-պատասխանի ձեւով պատասխանեցին ներկաներուն կողմէ իրենց ուղղուած հարցումներուն աւելի հետաքրքրական դարձնելով ասուլիսը:
Կը շնորհաւորենք մեր պաշտօնակից »Նոր Օր«ը այս շահեկան միջոցառումին համար:
Գ.Մ.