Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Նոր Օր» Շաբաթաթերթի Նախաձեռնած Հրապարակային Քնարկումը Յետ-Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մասին

«Նոր Օր» Շաբաթաթերթի Նախաձեռնած Հրապարակային Քնարկումը Յետ-Թաւշեայ Յեղափոխութեան Մասին

by MassisPost

Ընտ­րա­նի հա­սա­րա­կու­թիւն մը փու­թա­ցած էր Կլեն­տէյ­լի Հան­րա­յին Գրա­դա­րա­նի սրա­հը, ներ­կայ գտնուե­լու հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կու­մի մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Երեք­շաբ­թի 19 Նո­յեմ­բեր, 2019ին: Ներ­կա­նե­րուն մէջ կը նշմար­ուէ­ին Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սի խորհր­դա­կան Էտ­կար Գրի­գոր­եան, երեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­յին ղե­կա­վար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ընտ­րա­նի հա­սա­րա­կու­թիւն մը:

«Նոր Օր» շա­բա­թա­թեր­թի նա­խա­ձեռ­նած սոյն մի­ջո­ցա­ռու­մին գլխա­ւոր նիւթն էր «Ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի յետ-թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, ժո­ղովր­դա­վա­րա­րու­թիւնը, տնտե­սու­թիւնը եւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կը»:

Նա­խա­ձեռ­նող օր­կա­նի անու­նով ներ­կա­նե­րուն ող­ջու­նեց «Նոր Օր»ի խմբա­գիր Հրաչ Սե­փեթճ­եան: Ան ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան առ­թիւ Մայր Հայ­րե­նի­քի մէջ կազ­մա­ւոր­ուած ժո­ղովր­դա­յին զար­թօն­քին եւ անոր հե­տե­ւանք­նե­րուն: Ապա բեմ հրա­ւի­րեց իրա­ւա­բան Կա­րօ Ղա­զար­եա­նը, որ­պէս օր­ուան քննար­կու­մը հա­մադ­րող:

Կա­րօ Ղա­զար­եան, նե­րա­ծա­կան ըն­դար­ձակ ելոյ­թով մը, բա­ցա­յայ­տում­ներ կա­տա­րեց Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րուն տի­րող ընդվ­զե­ցու­ցիչ իրա­վի­ճա­կի մա­սին, որուն որ­պէս հե­տե­ւանք` ժո­ղո­վուր­դը յոգ­նած էր եւ Նի­կոլ Փա­շին­եան խի­զա­խու­թիւնն ու­նե­ցաւ ոտ­քի կանգ­նե­լու, ձայն բաձ­րաց­նե­լու ար­դա­րու­թեան եւ բա­րե­կար­գու­թիւն­նե­րու պա­հանջ­նե­րով:

Ծա­նօթ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ եւ վեր­լու­ծա­բան Փա­նոս Թի­թիզ­եան, իր ելոյ­թին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով հայ­րե­նի իրա­կա­նու­թեան ըսաւ.- «… ուր էինք, ուր ենք եւ ո՞ւր կ՛եր­թանք…»: Ան նշեց որ երկ­րէն ներս փո­փո­խու­թիւն­ներն անհ­րա­ժեշտ էին, քա­նի որ ժո­ղո­վուր­դը այ­լա­պէս դունդ կ՛եր­թար: Անդ­րա­դառ­նա­լով թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք Հա­յաս­տան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նշեց որ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն կայ, եղա­ծը ներ­քին է: Իսկ դրա­ցի Վրաս­տա­նի մէջ յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կու­մը հա­կա­ռակ դրսե­ւո­րում ու­նե­ցաւ:

Փ. Թի­թիզ­եա­նի կար­ծի­քով «առանց ռու­սի պաշտ­պա­նու­թեան մենք կը կորսնց­նենք մեր դի­մա­գի­ծը: Պէտք է Եւ­րո­պա­յի եւ արեւ­մուտ­քին ալ նա­յինք առանց ռու­սը վշտաց­նե­լու: Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ճկու­նիւ­թիւնն անհ­րա­ժեշտ է…» յա­րեց ան:

«Մա­սիս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր Գրի­գոր Խո­տան­եան իր ելոյ­թին մէջ նշեց.- «…Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ սկսան թէ տնտե­սա­կան, թէ վար­չա­կան եւ թէ ներ­քին բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ: Առան­ձին եւ ու­շագ­րաւ երե­ւոյթն այն էր որ սկսաւ օլի­կարխ­նե­րու մե­նաշ­նորհ­նե­րուն սան­ձար­ձակ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը օրի­նա­կան հա­կա­շի­ռի են­թար­կել: Մի­ա­ժա­մա­նակ զարկ տալ ազատ շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, որ յան­գե­ցաւ արագ լուծ­ման: Փա­շին­եա­նի օրով զարկ տրուե­ցաւ նա­եւ առեւտ­րա­կան եւ այլ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հար­կե­րու գան­ձում­նե­րուն: Գա­լով Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին` բա­նակ­ցա­յին ֆոր­մա­թին մէջ պէտք է որ Ար­ցախն ալ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րէ, իսկ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան կեր­տիչ­նե­րը` չա­փա­ւոր­եալ եւ իրա­տես գոր­ծե­լա­ոճ որ­դեգ­րե­ցին»:

Դա­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ` կա­րե­լի չե­ղաւ ար­մա­տա­կան բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րել, մաս­նա­ւո­րա­բար Սահ­մա­նադ­րա­կան ատ­եա­նի կար­գա­վի­ճա­կէն ներս:

Ար­դա­րեւ, այս բո­լո­րի կող­քին գլխա­ւոր յա­ջո­ղու­թիւնը ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու մէջ ստեղծ­ուած վե­րա­ծաղ­կումն էր եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ վստա­հու­թեան դրսե­ւո­րու­մը, որուն ապա­ցոյց­նե­րէն մին էին  հա­ւա­սար ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

«Ասպարէզ» օրաթերթի կող­մէ ելոյթ ու­նե­ցաւ ծա­նօթ հրա­պա­րա­կա­գիր եւ ման­կա­վարժ Ժան Գո­սագ­եան: Ան պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած բազ­մա­տե­սակ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն: Մաս­նա­ւո­րա­բար նշեց Ան­կախ Պե­տու­թիւն­նե­րու Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թիւնն ու ռու­սա­կան տի­րա­պե­տու­թիւնը նուա­զեց­նե­լու որոշ կա­ռոյց­նե­րու մէջ: Ան յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց Հա­յաս­տա­նի աթո­մա­կա­յանն ու հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թիւնը: Ժ. Գո­սագ­եան ընդգ­ծեց նմա­նա­պէս ռու­սա­կան ու­ժեղ հա­կա­շի­ռի ներ­կա­յու­թեան դի­մաց տկար դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնը եւ ռու­սա­կան զի­նուո­րա­կան խա­րիսխտ­նե­րու ամ­րա­ցու­մը Հա­յա­տա­նի մէջ: Ան ձե­ւով մը դրուա­տեց նա­եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի նկատ­մամբ որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, մի­ա­ժա­մա­նակ պաշտ­պան կագ­նե­լով Ար­ցա­խի հար­ցով տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին ինք­նո­րոշ­ման պա­հան­ջին:

Հան­դիպ­ման աւար­տին օր­ուան զե­կու­ցա­բեր­նե­րու հետ հարց-պա­տաս­խա­նի ձե­ւով պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րուն կող­մէ իրենց ուղղ­ուած հար­ցում­նե­րուն աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան դարձ­նե­լով ասու­լի­սը:

Կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր պաշ­տօ­նա­կից »Նոր Օր«ը այս շա­հե­կան մի­ջո­ցա­ռու­մին հա­մար:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment