Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը մտահոգութեամբ կը հետեւի թրքական բանակի Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան տարածքներ ներխուժելուն եւ այնտեղ տեղի ունեցող մարդկային ողբերգական զարգացումներուն:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս յարձակումը կը ներկայացնէ որպէս «ահաբեկչական խմբաւորումներու» հաւաքատեղիները չէզոքացնելու նպատակով ապահով գօտի մը ստեղծելու գործողութիւն, այդ վայրերուն մէջ վերաբնակեցնելու համար Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն Թուրքիա ապաստանած փախստականներ:
Մեր կարծիքով, այս գործնականապէս կը նշանակէ այդ տարածքներուն մէջ ապրող քիւրտ, արաբ, ասորի, հայ եւ եզիտի բնակչութեան ոչնչացում կամ բռնագաղթի ենթարկում:
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը կը տեսնէ, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ այն ինչին այսօր ականատես կը դառնանք, մէկ դար առաջ օսմանցիներու կողմէ կատարուածին կրկնութիւնն է:
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ թրքական բացայայտ թշնամական բռնարարքը արաբական երկրի մը նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անընդունելի կը գտնէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վարկաբեկիչ խօսքերը` ուղղուած կարգ մը արաբ նախագահներու եւ ղեկավարներու հասցէին: Վարիչ Մարմինը կոչ կ’ուղղէ զօրակցելու բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք կ՛ենթարկուին «նոր օսմանցիներու» հալածանքներուն եւ բռնութիւններուն: Կուսակցութիւնը նաեւ կը դիմէ բոլոր ազդեցիկ ուժերու միջամտութեան, տարածաշրջանը զերծ պահելու համար մարդկային նոր ողբերգութիւններէ:
Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ