Թորոնթոյի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը այս տարի փոխանակ յունիս ամսուան մէջ կատարելու Հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակումը, զայն կատարեց 27 սեպտեմբերին, յայտնի թուրք ընկերվարական Քատիր Աքընի պատրաստած Red («Մերժում») վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութեամբ եւ հեղինակին բանախօսութեամբ։
Քատիր Աքըն 2010-ին İşci Dünyası («Գործաւորի Աշխարհը») պարբերաթերթին խմբագրապետն է։ Այդ տարուան յունիս ամսուան թիւին մէջ հրատարակութեան համար աշխատակիցներէն մէկէն «Փարամազը չմոռնանք» խորագրեալ յօդուած մը կը ստանայ։ Այդ թուականին Փարամազի մասին ո՛չ ինք տեղեկութիւն ունի, ո՛չ ալ յօդուածը թարգմանաբար ղրկած անձը։ Անտեղեակ են նաեւ իր թուրք եւ հայ ընկերվարական ընկերները, կամ անոնց տեղեկութիւնը չափազանց մակերեսային է։ Այս կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական շարժումի պատմութեան լաւատեղեակ Քատիր Աքընին ընդվզում կը պատճառէ։ Կ’ընդվզի, որ Թուրքիոյ մէջ աւելի քան հարիւր տարի առաջ հայերու կողմէ սկսուած ընկերվարական-յեղափոխական շարժումին պատմութիւնը անտեսուած է։ Անտեսուած է՝ պարզապէս հայերու կողմէ սկսուած ըլլալուն պատճառով, «չկայ» նկատուած է։ Դիտումնաւոր կերպով «մոռցուած» է։
Ազատութեան, հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան համար պայքարող Քատիր Աքըն եւ ընկերները կը կազմակերպեն լուսաբանութեան, գաղափարի փոխանակման հաւաք մը, որուն կը մասնակցի ընկ. Ալեք Քէօշկերեան՝ Պէյրութէն։ Կ’որոշեն 20-ներու նահատակուած Կ. Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ հաւաքուիլ, մեխակներ դնել ու այս մարտիրոսներուն լոզունգները կրկնել՝ «Մեզ, քսաններս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի», «Դուք մեր մարմինները կրնաք կախել միայն, իսկ մեր գաղափարը՝ ոչ։ Վաղը Արեւելքի հորիզոնին վրայ պիտի ողջունենք սոցիալիստական Հայաստանը»։ Այսպիսով, Կ. Պոլսոյ մէջ, անմահներու անշնչացումէն 98 տարի ետք, 2013-ի յունիսին, 20-ներու յիշատակումը անգամ մը եւս կը կատարուի։ Առաջին յիշատակումը կազմակերպուած է մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ՝ 1921-ին։
Քատիր Աքըն կը լծուի պրպտումներու եւ 2016-ին կը հրատարակէ «Հայ Յեղափոխական Փարամազը» խորագրեալ գիրքը, որ կ’արժանանայ հինգ վերահրատարակութեան։ Տարի մը ետք կ’երթայ Պէյրութ, ուր կը ծանօթանայ ընկ. Եղիկ Ճէրէճեանին ու ծնունդ կ’առնէ Red վաւերագրական ժապաւէնին գաղափարը։ Նկարահանումները կը կատարուին Ժընեւի, Պազելի, Պէյրութի եւ Կ. Պոլսոյ զանազան շրջաններուն մէջ։ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը եւ կարգ մը դժուարութիւններ նկատի առնելով՝ Քատիր Աքըն կարելի եղած չափով արագ կ’աշխատի։ 55 վայրկեան տեւող ժապաւէնը ճոխ է հարցազրոյցներով եւ վաւերագրութիւններով։
Քսաններու ոգեկոչման միջոցառումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի շարժանկարի ցուցադրութեան յարմար սարքաւորումներով օժտուած «Համազգային» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ ստուարաթիւ հանդիսատեսներու։ Հնչեցին Քանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները։ Բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ հանդիսավար ընկերուհի Սոնա Չորպաճեան-Անուշեան։ Ողջունեց եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու յարգելի ներկաները։ Ձայնը՝ համապատասխան օրուան միջոցառման, խօսքը՝ ցնցիչ. «104 տարի առաջ՝ 1915 յունիս 15-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ հնչակեան քսան տիտաններ խիզախօրէն բռնեցին անմահութեան ճանապարհը։ Անոնք հաւաքական նահատակութեամբ հայ ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դրուագներէն մին կերտեցին»։ Հակիրճ գիծերով տուաւ Քատիր Աքընի կենսագրականը ու զինք բեմ հրաւիրեց։
Աքըն թրքերէնով,– իր գիտցած միակ լեզուով,– կարդաց իր խօսքը։ Տեղեկացուց Փարամազի եւ անոր 19 ընկերներուն գոյութեան եւ անոնց գործունէութեան պատահաբար ծանօթանալուն, «Փարամազ» գիրքի հրատարակութեան եւ վաւերագրականին պատրաստութեան գործընթացին մասին։ Ան յատկապէս շեշտեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այս վաւերագրականը պատմական ճշմարտութիւնները երեւան հանելու պիտի ծառայէ եւ ցոյց պիտի տայ, որ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մօտ մէկ միլիոն հայերու սպանութիւնն էր, այլ նաեւ մտաւորական եւ մշակութային մեծ ժառանգութեան մը ոչնչացումը։ Ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը իր ապրած հողերուն վրայ ընկերվարական շարժումին արմատներուն վնաս հասցուցած էր եւ հետագային այդ ձախակողմեան շարժումին անփորձ մնալուն պատճառ եղած։ Աքըն յայտնեց, որ թրքերէնով պատրաստուած եւ անգլերէն ենթախորագրեր ունեցող վաւերագրականը արդէն իսկ ցուցադրուած էր Ժընեւի, Լոնտոնի, Համպուրկի, Պերլինի, Պեռնի, Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ։ Կը ցուցադրուէր նաեւ Կ. Պոլսոյ զանազան սրահներուն, ինչպէս նաեւ Անքարայի, Անթալիոյ եւ Իզմիրի մէջ։ Ան իր այս վաւերագրականը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրած է յատկապէս ձախակողմեաններուն, ակադեմականներուն եւ պատուաւոր պատմաբաններուն՝ այն մտածումով, որ եթէ անոնց մտայնութիւնները փոխուին, հասարակութեանն ալ կը փոխուի։ Եթէ անոնց դատողութիւնները փոխուին, ժողովուրդին սուտերով ձեւաւորուած մտայնութիւնն ալ կը փոխուի։
Աքընի խօսքը՝ հայերէն ու անգլերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ 20-ներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ, յատուկ գրքոյկի մը ձեւով ներկաներուն արդէն իսկ բաժնուած էր։
Վաւերագրականին ցուցադրութենէն յետոյ, Քատիր Աքըն իրեն ներկայացուած գրաւոր հարցումներուն պատասխանեց թարգմանիչի միջոցաւ։
Հուսկ, յարգելի հիւրին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ ամերիկահայ հռչակաւոր արուեստագէտ Մայքըլ Արամի արուեստի մէկ գործը, ձեռամբ Թորոնթոյի ՍԴՀԿ վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Համբիկ Թաթուլեանի։
Հանդիսութեան աւարտին, սրահի մուտքին վաճառքի դրուեցան «Փարամազ» հատորին 40 օրինակները, որոնք Քատիր Աքըն մէկ առ մէկ մակագրեց։
Թղթակից