Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Ոգեկոչումը Եւ Red («Մերժում») Վաւերագրական Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը Թորոնթոյի Մէջ

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Ոգեկոչումը Եւ Red («Մերժում») Վաւերագրական Ֆիլմի Ցուցադրութիւնը Թորոնթոյի Մէջ

by MassisPost

Թորոնթոյի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը այս տարի փոխանակ յունիս ամ­սուան մէջ կատարելու Հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակումը, զայն կատարեց 27 սեպտեմբերին, յայտնի թուրք ընկերվարական Քատիր Աքընի պատրաստած Red («Մեր­ժում») վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութեամբ եւ հեղինակին բանախօսու­թեամբ։

Քատիր Աքըն 2010-ին İşci Dünyası («Գործաւորի Աշխարհը») պարբերաթերթին խմբա­գրապետն է։ Այդ տարուան յունիս ամսուան թիւին մէջ հրատարակութեան համար աշխա­տա­կիցներէն մէկէն «Փարամազը չմոռնանք» խորագրեալ յօդուած մը կը ստանայ։ Այդ թուա­կանին Փարամազի մասին ո՛չ ինք տեղեկութիւն ունի, ո՛չ ալ յօդուածը թարգմանաբար ղրկած անձը։ Անտեղեակ են նաեւ իր թուրք եւ հայ ընկերվարական ընկերները, կամ անոնց տեղեկութիւնը չափազանց մակերեսային է։ Այս կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական շարժումի պատմութեան լաւատեղեակ Քատիր Աքընին ընդվզում կը պատճառէ։ Կ’ընդվզի, որ Թուրքիոյ մէջ աւելի քան հարիւր տարի առաջ հայերու կողմէ սկսուած ընկերվարական-յեղափոխական շարժումին պատմութիւնը անտեսուած է։ Անտեսուած է՝ պարզապէս հայե­րու կողմէ սկսուած ըլլալուն պատճառով, «չկայ» նկատուած է։ Դիտումնաւոր կերպով  «մոռ­ցուած» է։

Ազատութեան, հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու եղբայրակ­ցութ­եան համար պայքարող Քատիր Աքըն եւ ընկերները կը կազմակերպեն լուսաբանութեան, գա­ղա­փարի փոխանակման հաւաք մը, որուն կը մասնակցի ընկ. Ալեք Քէօշկերեան՝ Պէյրութէն։ Կ’որոշեն 20-ներու նահատակուած Կ. Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ հաւաքուիլ, մե­խակներ դնել ու այս մարտիրոսներուն լոզունգները կրկնել՝ «Մեզ, քսաններս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի», «Դուք մեր մարմինները կրնաք կախել միայն, իսկ մեր գաղափարը՝ ոչ։ Վաղը Արեւելքի հորիզոնին վրայ պիտի ողջունենք սոցիալիս­տա­կան Հայաստանը»։ Այսպիսով, Կ. Պոլսոյ մէջ, անմահներու անշնչացումէն 98 տարի ետք, 2013-ի յունիսին, 20-ներու յիշատակումը անգամ մը եւս կը կատարուի։ Առաջին յիշատա­կումը կազմակերպուած է մեր աւանդական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ՝ 1921-ին։

Քատիր Աքըն կը լծուի պրպտումներու եւ 2016-ին կը հրատարակէ «Հայ Յեղափոխական Փարամազը» խորագրեալ գիրքը, որ կ’արժանանայ հինգ վերահրատարակութեան։ Տարի մը ետք կ’երթայ Պէյրութ, ուր կը ծանօթանայ ընկ. Եղիկ Ճէրէճեանին ու ծնունդ կ’առնէ Red վա­ւերագրական ժապաւէնին գաղափարը։ Նկարահանումները կը կատարուին Ժընեւի, Պազե­լի, Պէյրութի եւ Կ. Պոլսոյ զանազան շրջաններուն մէջ։ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական կա­ցութիւնը եւ կարգ մը դժուարութիւններ նկատի առնելով՝ Քատիր Աքըն կարելի եղած չա­փով արագ կ’աշխատի։ 55 վայրկեան տեւող ժապաւէնը ճոխ է հարցազրոյցներով եւ վաւե­րա­­գրութիւններով։

red-toronto-3Քսաններու ոգեկոչման միջոցառումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի շարժանկարի ցուցադրութեան յարմար սարքաւորումներով օժտուած «Համազ­գա­յին» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ ստուարաթիւ հանդիսատեսներու։ Հնչեցին Քա­նա­տայի եւ Հայաստանի օրհներգները։ Բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ հանդիսավար ըն­կե­րուհի Սոնա Չորպաճեան-Անուշեան։ Ողջունեց եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու յարգելի ներկաները։ Ձայնը՝ համապատասխան օրուան միջոցառ­ման, խօսքը՝ ցնցիչ. «104 տարի առաջ՝ 1915 յունիս 15-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրա­պա­րա­կին վրայ հնչակեան քսան տիտաններ խիզախօրէն բռնեցին անմահութեան ճանա­պար­հը։ Անոնք հաւաքական նահատակութեամբ հայ ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դրուագներէն մին կերտեցին»։ Հակիրճ գիծերով տուաւ Քատիր Աքընի կենսագրականը ու զինք բեմ հրաւիրեց։

red-toronto-4Աքըն թրքերէնով,– իր գիտցած միակ լեզուով,– կարդաց իր խօսքը։ Տեղեկացուց Փարա­մա­զի եւ անոր 19 ընկերներուն գոյութեան եւ անոնց գործունէութեան պատահաբար ծանօ­թա­նալուն, «Փարամազ» գիրքի հրատարակութեան եւ վաւերագրականին պատրաս­տու­թեան գործընթացին մասին։ Ան յատկապէս շեշտեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այս վաւերա­գրա­կանը պատմական ճշմարտութիւնները երեւան հանելու պիտի ծառայէ եւ ցոյց պիտի տայ, որ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մօտ մէկ միլիոն հայերու սպանութիւնն էր, այլ նաեւ մտա­ւո­րական եւ մշակութային մեծ ժառանգութեան մը ոչնչացումը։ Ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը իր ապրած հողերուն վրայ ընկերվարական շարժումին արմատներուն վնաս հասցուցած էր եւ հետագային այդ ձախակողմեան շարժումին անփորձ մնալուն պատճառ եղած։ Աքըն յայտ­նեց, որ թրքերէնով պատրաստուած եւ անգլերէն ենթախորագրեր ունեցող վաւերա­գրա­կանը արդէն իսկ ցուցադրուած էր Ժընեւի, Լոնտոնի, Համպուրկի, Պերլինի, Պեռնի, Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ։ Կը ցուցադրուէր նաեւ Կ. Պոլսոյ զանազան սրահներուն, ինչպէս նաեւ Ան­քա­րայի, Անթալիոյ եւ Իզմիրի մէջ։ Ան իր այս վաւերագրականը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրած է յատկապէս ձախակողմեաններուն, ակադեմականներուն եւ պատուաւոր պատմաբաննե­րուն՝ այն մտածումով, որ եթէ անոնց մտայնութիւնները փոխուին, հասարակութեանն ալ կը փոխուի։ Եթէ անոնց դատողութիւնները փոխուին, ժողովուրդին սուտերով ձեւաւորուած մտայնութիւնն ալ կը փոխուի։

Աքընի խօսքը՝ հայերէն ու անգլերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ 20-ներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ, յատուկ գրքոյկի մը ձեւով ներկաներուն արդէն իսկ բաժնուած էր։

Վաւերագրականին ցուցադրութենէն յետոյ, Քատիր Աքըն իրեն ներկայացուած գրաւոր հարցումներուն պատասխանեց թարգմանիչի միջոցաւ։

red-toronto-2

Հուսկ, յարգելի հիւրին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ ամերիկահայ հռչակաւոր արուես­տա­գէտ Մայքըլ Արամի արուեստի մէկ գործը, ձեռամբ Թորոնթոյի ՍԴՀԿ վարիչ մարմինի ա­տենապետ ընկ. Համբիկ Թաթուլեանի։

Հանդիսութեան աւարտին, սրահի մուտքին վաճառքի դրուեցան «Փարամազ» հատորին 40 օրինակները, որոնք Քատիր Աքըն մէկ առ մէկ մակագրեց։

Թղթակից

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment