Երեւանի քաղաքապետարանը դեռ որոշում չունի՝ աղբահանութեան այլ ընկերութիւններ պիտի ներգրաւուի՞ն մայրաքաղաքի աղբահանութեան գործընթացին մէջ, թէ համայնքային նորաստեղծ ընկերութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել այդ աշխատանքները: Այս մասին Երեւանի աւագանիի նիստի ժամանակ ըսած է քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը:
«Համայնքային պիւտճէթային ընկերութիւնը պէտք է աշխատի, նախ գնահատենք մեր քաղաքին ձեռք է տալիս, որ պիւտճէթային հիմնարկը շարունակի աշխատել, թէ՞ ձեռք է տալիս քաղաքը կիսել երկու կամ երեք մասի, ներգրաւել ոչ միայն երկրորդ, միգուցէ երեք կամ չորս ընկերութիւն»,- աւագանիի անդամներու հարցերուն ի պատասխան ըսած է Հայկ Մարութեանը:
Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանը միակողմանի խզած է պայմանագիրը Սանիթէք ընկերութեան հետ: Ներկայիս մայրաքաղաքի մէջ աղբահանութիւնը կ’իրականացնէ նորաստեղծ պիւտճէթային հիմնարկը:
Փոխքաղաքապետ Հայկ Սարգսեանը ըսած է, որ հիմնարկը կը նախատեսուի համալրել 850 աշխատակիցով, այս փուլին աշխատակիցներու քանակը այնքան է, որոնց միջոցով հնարաւոր է պատշաճ իրականացնել աղբահանութիւնը:
«Ինչ վերաբերում է նիւթական բեռին, ապա մեր հիմնարկի ծախսային պիւտճէն որեւէ դէպքում չի գերազանցելու նախկինում Սանիթէք ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագրի սահմանաչափը, այն է՝ 5 միլիառ 170 միլիոն դրամ տարուայ համար: Բայց Սանիթէքի հետ կնքուած պայմանագրում այս թիւը ցուցանշուած թիւ էր, եւ իւրաքանչիւր տարուայ վերջին այդ գումարը վերահաշուարկւում էր: Մեր պարագայում դրա անհրաժեշտութիւնը չի լինելու, քաղաքապետարանն առաւելագոյն ջանքերով, ամենաքիչ գումարով իրականացնելու է աշխատանքները: Ամենայնդէպս, աղբահանութեան հիմնարկի համար ծախսուելիք մեր գնահատած պիւտճէն այս պահին մէկ տարուայ համար չի գերազանցում 5 միլիառ 170 միլիոնը»,- ըսած է ան: