Հայկական թռիչքուղիներու շուկայ պիտի մտնէ նոր՝ «Արմենիա Էյրուէյզ» օդանաւային ընկերութիւնը, որ առաջին անգամ 15 Յունիսին պիտի սկսի կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնել Երեւան-Թեհրան-Երեւան ուղղութեամբ:
«Արմէնբրես»–ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին ըսած է «Արմենիա էյրուէյզ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Առլեն Տաւուտեանը:
«Մեր ընկերութիւնը առաջին անգամ թռիչք կը կատարէ: Այժմ ունինք 2 օդանաւ, սակայն դեռ մէկը պիտի շահագործուի: Օդանաւը 112 տեղանոց է»,- նշած է Տաւուտեանը:
Թռիչքները պիտի կայանան «BAe 146-300» տիպի օդանաւով՝ իւրաքանչիւր երկուշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերուն, իսկ 24 Յունիսէն՝ ամէն օր: