ԱՄՆ խումբ մը Գոնկրէսականները երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին նամակ ուղարկած են, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրած են, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայկական համագումարը: Ըստ աղբիւրի` բանաձեւի նախաձեռնողն է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ճեքի Սփիր: Բանաձեւին աջակցած են եւս 28 Գոնկրէսականներ, անոնց շարքին` Կուս Պիլիրաքիս, Ֆրենք Փալոնէ, Փիթըր Քինկ եւ Ատամ Շիֆ:
Ամերիկայի Հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին շնորհակալութիւն յայտնած է Ճեքի Սփիրին եւ Գոնկրէսականներուն աջակցութեան համար:
Գոնկրէսականները իրենց նամակին մէջ հիասթափութիւն յայտնած են` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան հետ: Նամակին մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` ԱՄՆ-ն արժանին կը մատուցէ Ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուածներուն, կը նշէ անոնց հաստատակամութիւնը, որոնք վերապրած են, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ զինուորականներու յիշատակին, որոնք ծառայած են` պաշտպանելով անոր ազատութիւնն ու իտէալները:
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ուղերձով հանդէս եկած է` կրկին չյիշատակելով «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մենք այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք Մեծ Եղեռնի յիշատակին եւ կը յիշենք անոնց, որոնք տուժած են 20-րդ դարու ամենասարսափելի զանգաուածային չարագործութեան հետեւանքով: 2015 թուականէն սկսած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն 1,5 միլիոն հայեր արտաքսուած են, սպանուած կամ մահուան ուղարկուած: Յիշատակի այս օրը մենք դարձեալ Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ համայնքի հետ միասին կը սգանք բազմաթիւ զոհերը»,- նշուած էր յայտարարութեան մէջ: