Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խումբ Մը Գոնկրէսականներ Կոչ Ըրած Են Նախագահ Թրամփին Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Խումբ Մը Գոնկրէսականներ Կոչ Ըրած Են Նախագահ Թրամփին Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ խումբ մը Գոնկրէսականները երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին նամակ ուղարկած են, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրած են, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայկական համագումարը: Ըստ աղբիւրի` բանաձեւի նախաձեռնողն է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ճեքի Սփիր: Բանաձեւին աջակցած են եւս 28 Գոնկրէսականներ, անոնց շարքին` Կուս Պիլիրաքիս, Ֆրենք Փալոնէ, Փիթըր Քինկ եւ Ատամ Շիֆ:

Ամերիկայի Հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին շնորհակալութիւն յայտնած է Ճեքի Սփիրին եւ Գոնկրէսականներուն աջակցութեան համար:

Գոնկրէսականները իրենց նամակին մէջ հիասթափութիւն յայտնած են` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան հետ: Նամակին մէջ նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` ԱՄՆ-ն արժանին կը մատուցէ Ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուածներուն, կը նշէ անոնց հաստատակամութիւնը, որոնք վերապրած են, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ զինուորականներու յիշատակին, որոնք ծառայած են` պաշտպանելով անոր ազատութիւնն ու իտէալները:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ուղերձով հանդէս եկած է` կրկին չյիշատակելով «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մենք այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք Մեծ Եղեռնի յիշատակին եւ կը յիշենք անոնց, որոնք տուժած են 20-րդ դարու ամենասարսափելի զանգաուածային չարագործութեան հետեւանքով: 2015 թուականէն սկսած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն 1,5 միլիոն հայեր արտաքսուած են, սպանուած կամ մահուան ուղարկուած: Յիշատակի այս օրը մենք դարձեալ Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ համայնքի հետ միասին կը սգանք բազմաթիւ զոհերը»,- նշուած էր յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment