Պաշտօնական Պաքուն կը սպառնայ վերանայիլ յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ եւ բողոքի նոթա փոխանցել՝ Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին Փարիզի մէջ «հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանացնելու համար»:
«Նման այցի հնարաւորութիւն տալով եւ ընդունելով ապօրինի վարչակազմի ներկայացուցիչները՝ Ֆրանսան դէմ կ’երթայ Ատրպէյճանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու ոգիին, ինչպէս նաեւ Փարիզի ու Պաքուի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերուն», – յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ աւելցնելով․ – «Այսպիսով Ֆրանսան նաեւ լուրջ կասկածի տակ կը դնէ իր առարկայականութիւնը եւ անաչառութիւնը որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող երկիր, որ պէտք է աջակցի ղարաբաղեան խնդրի կողմերուն՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ»:
Այս առումով, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական նստավայրը հաղորդած էր, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Փարիզ, ուր հանդիպած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: «Ատրպէյճանը դիւանագիտական խողովակներով բողոքի նոթա կը փոխանցի Ֆրանսային այս հարցի կապակցութեամբ», – յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ընդգծելով՝ սա նմանօրինակ առաջին դէպքը չէ: «Ֆրանսայի կողմէն հետեւողականօրէն իրականացուող եւ երկակի չափանիշներու վրայ հիմնուած այդ դիրքորոշումը կը ստիպէ Ատրպէյճանին վերանայիլ երկկողմ յարաբերութիւնները», – պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:
Փորձագէտները կը փաստեն, որ Պաքուի այս կոշտ յայտարարութեան ու Փարիզի հանդէպ դժգոհութեան հիմքը միայն Ղարաբաղի նախագահի այցը չէ: Ատրպէյճանի մէջ չեն թաքցներ, որ հիասթափուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի շրջանակծիրէն ներս անցած ամիս այցելած է Երեւան, ջերմ հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ, սակայն Պաքու չէ մեկնած:
«Այն, որ Ֆրանսայի նախագահը տարածաշրջան կատարած իր վերջին այցի ընթացքին Ատրպէյճան չեկաւ, կը վկայէ, որ այդ երկրի քաղաքականութիւնը հիմնուած է երկակի չափանիշներու վրայ», – «Թրենտ» գործակալութեան ըսած է քաղաքագէտ Թակիր Սապեթովը:
Քաղաքագէտ, նախկին դիւանագէտ Ֆիքրէտ Սատիխովն ալ պնդած է՝ Ատրպէյճանի նախագահը այդ պատճառով մերժած էր ֆրանսական կողմի հրաւէրը եւ չէր մեկնած Փարիզ՝ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն: Աշխարհի առաջնորդներու մակարդակով իրականացուած այդ հաւաքին Ատրպէյճանը ներկայացած էր արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: