Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլանը Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը կը Համարէ Երկրի Ներքին Խաղաղութեան Ամենամեծ Սպառնալիքը

Փայլանը Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը կը Համարէ Երկրի Ներքին Խաղաղութեան Ամենամեծ Սպառնալիքը

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի՝ Տիարպէքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ երկրի ներքին անդորրը վտանգող ամենամեծ «գործօնը»  Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն է:

Ինչպէս կը գրէ թրքական artigercek.com կայքը, Փայլան մեղադրած է նախարարը ժողովուրդի մէջ իրար հանդէպ ատելութիւն ու խժդժութիւն սերմանելու, ընդդիմադիր գործիչներուն սպառնալու եւ երկրի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ պետական վերահսկիչներ նշանակելով՝ բռնապետական կարգեր հաստատելու համար: «Նախարարը հեռախօսով սպառնացած է երկրի երրորդ ամենամեծ կուսակցութեան համանախագահին: «Շաբաթօրեայ մայրեր» ցոյցի մասնակից մայրերը 700 շաբաթ շարունակ նստած են այդ հրապարակին մէջ, այսօր Ներքին գործոց նախարարը դուրս կու գայ, այդ կիներուն «ահաբեկիչ» կ’իսէ:

Այս նախարարը երկրի ներքին խաղաղութեան համար մեծ սպառնալիք է, այս երկրի խաղաղութեան դէմ ամենամեծ սպառնալիքը նախարարի նման դիրքորոշումն է», – ըսած է Փայլան: Ան նաեւ յիշեցուցած է որպէս «ահաբեկիչ» բանտերուն մէջ յայտնուած բազմաթիւ ընդդիմադիր լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու մասին:

«Հասարակութեան մէկ մասը Ներքին գործոց նախարարի ըրածներուն համար «պրաւօ» կ’ըսեն, մէկ մասն ալ կ’ըսէ, թէ. «Ընկեր, պետութիւնը ինչո՞ւ է կը տանջէ ինծի»: Այս երկրին մէջ կան հայրեր, որոնք ինքնասպան եղած են, քանի որ իրենց երեխային համար տաբատ չեն կրցած գնել, իրենց հողը մշակել չկրցող գիւղացիներ, իրենց երեխային ծախսի գումար տալ չկրցող պետական աշխատողներ: Այս մասին պիւտճէի նոր նախագծին մէջ խօսք չկայ», – նշած է հայ պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment