ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը հրաւիրած է մասնակցելու «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի անունով վերակոչելու թեմայով հանրային քննարկման: Նախարարութեան կայքէն կը տեղեկանանք, որ այն քաղաքացիները, որոնք կ’ուզեն կարծիք յայտնել վերոնշեալ հարցի վերաբերեալ, մինչեւ 5 նոյեմբեր պէտք է լրացնեն յայտաձեւը:
Քննարկման օրուան ժամի եւ վայրի մասին լրացուցիչ պիտի յայտնեն դիմումներու ժամկէտի աւարտէն ետք՝ մէկ շաբաթուան ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ Շարլ Ազնաւուրը մահացաւ Հոկտեմբեր 1-ին։