«Սասնայ Ծռեր» խումբի զինեալներ դուրս եկած են Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնի շէնքէն եւ ձերբակալուած: Այս մասին նոյնպէս յայտնած է Հայաստանի ԱԱԾ-ն նշելով, որ զինեալները իրենց զէնքերը յանձնած են իրաւապահ մարմիններուն վերջին ժամերու կիրառած ճնշումներուն առ ի հետեւանք:
Նշենք, որ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեան աւելի վաղ «Առաջին Լրատուական»ին խօսելով ըսած էր, թէ իրենք դէմ ըլլալով արեան հեղումին որոշած են վար դնել իրենց զէնքերը: Աւետիսեան նաեւ ըսած էր, թէ իրենք յետ այսու «ռազմագերիներ» են:
Նշենք, որ մինչ «Սասնայ Ծռեր» խումբի զինեալները վար կը դնէին իրենց զէնքերը, անդին «անգլուխ» մնացած ընդդիմադիր բողոքարարները հաւաք կը կատարէին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ: Մեծաթիւ ցուցարարները հաւաքի աւարտէն ետք երթ կազմակերպեցին Երեւանի տարբեր փողոցներու ուղղութեամբ: Երթին կը հսկէր ոստիկանութիւնը եւ հաւաքի ողջ ընթացքին բռնութեան դէպքեր չգրանցուեցան: