Երեւանի մէջ Յուլիսին բնակարաններու գործարքները գրեթէ կրկնապատկուած են, իսկ քաղաքին կեդրոնը բնակարաններուն գիները տարեկան կտրուածքով աճած են 12,7%-ով։ Համաշխարհային դրամատան «Հայաստանի ամսական տնտեսական զարգացումները․ Սեպտեմբեր 2026» զեկոյցին համաձայն՝ անշարժ գոյքի շուկայի աճի կշռոյթին արագացումը սնուցուած է ռուսաստանցիներու եւ հայկական սփիւռքէն նոր ներհոսքով պայմանաւորուած պահանջարկով։
Շինարարութիւնը եւ ոչ-առեւտրային ծառայութիւնները մնացած են տնտեսական աճի հիմնական շարժիչները՝ Յուլիսին աճելով համապատասխանաբար 26,5%-ով եւ 17%-ով։ Ընդհանուր տնտեսական աշխուժութեան աճը, սակայն, դանդաղած է՝
Յունիսի 7,4%-էն հասնելով 6,5%-ի։ Տարեսկիզբէն մինչեւ Յուլիս տնտեսական աշխուժութիւնը աճած է 7,7%-ով։
Անշարժ գոյքի «Ակցեռն հոլդինգի» նախագահ Յակոբ Բաղդասարեանը «Սիվիլնեթ»-ի հետ անցեալ ամիս կայացած հարցազրոյցին ըսած էր, որ ռուսաստանցիներու հոսքի առաջին ազդեցութիւնը կը նկատուի վարձակալութեան շուկային մէջ, այնուհետեւ՝ բնակարաններու վաճառքի գիներուն մէջ։
«Երբ վարձակալութիւնը աշխուժանում է եւ թանկանում, դա ճնշում է գործադրում կառուցուող կամ վաճառուող գոյքի գների վրայ»,- ըսած է Բաղդասարեան։
Անոր խօսքով՝ 2022-ին Հայաստան տեղափոխուածներուն զգալի մասը բնակարան կը վարձակալէր, սակայն այժմ անոնցմէ ոմանք բնակարան ձեռք կը բերեն։ Բաղդասարեանը այդ կը կապէ ռուս-ուքրանական պատերազմի երկարաձգման եւ
Ռուսաստանի մէջ խնայողութիւններու անվտանգութեան շուրջ մտահոգութիւններուն հետ։

