Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի Տնային Կալանքը Վերացուած Է

Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի Տնային Կալանքը Վերացուած Է

by MassisPost

Դատարանը Յունիս 25-ին վերացուցած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի տնային կալանքը։ Անոր նկատմամբ կիրառուած բացակայելու արգելքը դատարանը անփոփոխ թողած է։

Բացի անկէ, Վերաքննիչ քրէական դատարանը բեկանաղ է Աջապահեանի գործով Առաջին ատեանի դատարանին դատավճիռը եւ գործը ուղարկած է նոր քննութեան։

«Իրականում խիզախ որոշում էր, չնայած մենք արդարացման լրիւ հիմքերը տեսնում էինք, բայց էլի կարեւոր է, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանն արձանագրեց ընդդատութեան կանոնի խախտումը»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը։

Աջապահեանի փաստաբանական խումը առաջին դատական նիստին միջնորդութիւն ներկայացուցած էր, որպէսզի ոչ թէ Երեւանի, այլ Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ քննուի Աջապահեանի գործը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment