Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2 Միլիոն 482 Հազար 872 Քաղաքացի․ Հրապարակուած Է Ընտրական Իրաւունք Ունեցող Քաղաքացիներուն Թիւը

2 Միլիոն 482 Հազար 872 Քաղաքացի․ Հրապարակուած Է Ընտրական Իրաւունք Ունեցող Քաղաքացիներուն Թիւը

by MassisPost

Ներքին գործերու նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւնը հրապարակած է ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն թիւը։

Ինչպէս յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, «ՀՀ Ոնտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 8-րդ յօդուածի 7-րդ մասին համաձայն՝ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ժամանակ՝ քուէարկութեան օրոէն առաջ 30-րդ, 20-րդ եւ 10-րդ օրը, բնակչութեան պետական ցուցակը վարող ՀՀ կառավարութեան լիազօրած պետական կառավարման մարմինը կը հրապարակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին վրայ ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը՝ նշելով նաեւ ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներուն, նախընտրած վայրի ընտրողներուն եւ հաշուառում չունեցող ընտրողներուն թիւը:

2026թ․ Յունիս 7-ին կայանալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու օրէն առաջ 30-րդ օրուայ դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին վրայ ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 2 միլիոն 482 հազար 872, որմէ՝

ըստ գտնուելու վայրի ընտրական տեղամասերուն մէջ ընդգրկուած ընտրողներուն թիւը՝ 586,

հաշուառում չունեցող ընտրողներուն թիւը՝ 16։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment