Ապրիլ 28-ին, Փարիզին մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Դեսպանութեան առջեւ Արարատ Միրզոյեան բարձրացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյնը, Հանրապետական զինուորական նուագախումբի կատարմամբ հնչած են երկու երկիրներու ազգային օրհներգերը, եւ ժապաւէնի կտրելու արարողութենէն յետոյ պաշտօնապէս ազդարարուած է դեսպանութեան բացումը:
Միջոցառման ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեանը, ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարները։
Նախարար Միրզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Այս օրը նշանակալից է ոչ միայն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայութեան ամրապնդման, այլեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի` աւելի ու աւելի ամրապնդուող բարեկամութեան տեսանկիւնից. բարեկամութիւն, որն ունի հարուստ պատմութիւն եւ խարսխուած է մեր դաւանած ընդհանուր արժէքների՝ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան վրայ, որի լաւագոյն արտայայտութիւնն է այսօր այստեղ ձեր՝ բազմամարդ ներկայութիւնը։
«Ցանկանում եմ երախտագիտութեան խօսք ուղղել Ֆրանսայի իշխանութիւններին՝ ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ անձամբ Ձեզ՝ պարոն նախարար, թանկագին բարեկամ, Հայաստանի համար այս շատ կարեւոր իրադարձութեանն անձամբ մասնակցելու համար։
«Այս հանդիսաւոր բացումը տեղի է ունենում Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Հայաստան նախատեսուող պետական այցից օրեր առաջ. այց, որը համոզուած եմ` կը դառնայ մեր երկկողմ յարաբերութիւնների պատմութեան կարեւորագոյն փուլերից մէկը։ Ըստ էութեան, Հայաստանի անկախութեան վերականգնումից յետոյ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն զարգացել են, եւ այսօր Հայաստանին եւ Ֆրանսային յաջողուել է ձեւաւորել ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններ՝ հիմնուած քաղաքական սերտ երկխօսութեան, կանոնաւոր բարձրաստիճան շփումների, աշխոյժ խորհրդարանական եւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան եւ բազմոլորտ գործընկերութեան վրայ, ինչը տեսանելի է ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ եւրոպական ու միջազգային մակարդակներով։ Իսկապէս ռազմավարական գործընկերութիւն, որը շուտով կ’ամրագրուի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմից ստորագրուելիք փաստաթղթով»։
Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ իր խօսքին մէջ նշած է. «Պարոն նախարար, ինչպէս նշեցիք` քանի մը օրէն հանրապետութեան նախագահը պետական այցով պիտի մեկնի Հայաստան, որ պիտի նշանաւորէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ կապերու բացառիկ ամրապնդումը: Այդ ժամանակ Երեւանը պիտի դառնայ Եւրոպայի բաբախող սիրտը. այն պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը եւ Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովը։
«Այս իրադարձութիւնը վկայութիւնն է առ այն, որ մեր երկու երկիրները ընտրած են վճռականութեամբ եւ վստահութեամբ միասին քալել դէպի ապագայ: Հայաստանի համարձակ յանձնառութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, բացած է նոր հորիզոն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ճանապարհին»։




