Ապրիլ 22-ին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-Կիպրոս երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորութեամբ։
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան ընթացքն ու յառաջիկայ ընելիքները, կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու, պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ։
Կողմերը բարձր գնահատած են վերջին տարիներուն համագործակցութեան զարգացման ընթացքը։
Խորհրդակցութիւններու բերումով երեք երկիրներու միջազգային ռազմական համագործակցութեան համար պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարները ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Կիպրոս երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ համագործակցութեան տարեկան ծրագրերը։


