Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Կը Պահպանուին Մարդու Իրաւունքներու Հիմնախնդիրները․ Amnesty International

Հայաստանի Մէջ Կը Պահպանուին Մարդու Իրաւունքներու Հիմնախնդիրները․ Amnesty International

by MassisPost

«Amnesty International» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր 2025-ի տարեկան զեկոյցին մէջ արձանագրած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու վիճակին վերաբերեալ շարք մը համակարգային մտահոգութիւններ։ Զեկոյցին համաձայն՝ երկրին մէջ իրականացուող օրէնսդրական փոփոխութիւններն ու արտաքին քաղաքական վերադասաւորումները կ’ուղեկցուին խօսքի ազատութեան սահմանափակումներով եւ իրաւապահ մարմիններու նկատմամբ վերահսկողութեան պակասով։

Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Օգոստոսին ընդունուած օրէնսդրական փոփոխութիւններուն, որոնք ոստիկանութեան հասանելիութիւն կու տան հանրային վայրերու տեսախցիկներու ուղիղ հեռարձակումներուն՝ դէմքի ճանաչման արհեստագիտութիւններու կիրառմամբ։ Ըստ զեկոյցին՝ սա լուրջ սպառնալիք է անձնական կեանքի անձեռնմխելիութեան եւ հաւաքներու ազատութեան համար։ Զուգահեռաբար արձանագրուած է խօսքի ազատութեան նկատմամբ ճնշումներու աճ. Ապրիլէն Յունիս ինկած ժամանակահատուածին լրատուամիջոցներու դէմ յարուցուած է զրպարտութեան եւ վիրաւորանքի 29 հայց, իսկ «Իմնեմնիմի» փոտքասթի հեղինակներ Նարեկ Սամսոնեանն ու Վազգէն Սաղաթելեանը երկու անգամ ձերբակալուած են՝ իշխանութիւնները քննադատելու համար։

Իրաւապահ համակարգի գործունէութեան ծիրին մէջ Amnesty International-ը կը նշէ անպատժելիութեան խնդիրը։ 2024-ի Մայիս-Յունիս ամիսներու բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանական բռնութեան բազմաթիւ վկայութիւններու առկայութեան պայմաններուն մէջ քրէական հետապնդում սկսած է միայն 16 ցուցարարի նկատմամբ, մինչդեռ ոեւէ ոստիկան պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած։ ՄԱԿ-ի խոշտանգումներու դէմ կոմիտէն եւս իր հերթին մտահոգութիւն յայտնած է քննչական մարմիններու անկախութեան պակասի եւ խոշտանգումներու համար նախատեսուած մեղմ պատիժներու վերաբերեալ։

Արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ զեկոյցը կը փաստէ Հայաստանի շրջադարձը դէպի արեւմտեան կառոյցներ, ներառեալ Յունուարին ԱՄՆ-ի հետ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ Մարտին Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին մեկնարկը։ Օգոստոսին ԱՄՆ միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած հռչակագիրը կը նախատեսէ տարածքային վէճերու կարգաւորում եւ փոխադրութեան միջանցքի ստեղծում Հայաստանի հարաւով։ Այս փոփոխութիւնները ուղեկցուած են ներքին բեւեռացմամբ եւ ապատեղեկատուութեան աճով, իսկ Յունիսին իշխանութիւնները յայտարարած են Ռուսաստանի հետ կապ ունեցող գործարարի կողմէ պետական յեղաշրջման փորձի կանխման մասին։

Ընկերային տեսանկիւնէն զեկոյցը կ’ընդգծէ USAID-ի ֆինանսաւորման սառեցման բացասական ազդեցութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն վրայ, ինչ որ դժուարացուցած է Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած աւելի քան 100.000 անձերու աջակցութիւնը։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Յունուարին վճիռ կայացուցած է ընդդէմ Հայաստանի՝ արձանագրելով պետութեան ձախողումը խոցելի խումբերը ատելութեան խօսքէն պաշտպանելու հարցով, մինչդեռ խտրականութեան դէմ համապարփակ օրէնսդրութիւնը դեռ կը սպասէ խորհրդարանի հաստատման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment