Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնին Յանձնուեցաւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի «Արժանապատուութեան՚ Մրցանակը

Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնին Յանձնուեցաւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի «Արժանապատուութեան՚ Մրցանակը

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան խորհուրդը (ACA) կը յայտնէ, թէ Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնին (Դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) յանձնած է «Ստեփան Սապահ-Կիւլեանի» անուան «Արժանապատուութեան» մրցանակը` ի նշան հայ-ամերիկեան հարցերու մէջ անոր տասնամեակներու ցուցաբերած անսասան առաջնորդութեան:

Մրցանակը յանձնեց Հայ Ամերիկեան խորհուրդի կառավարական յարաբերութիւններու գործադիր տնօրէն Թանիել Քուշակճեան` քոնկրեսականի Քափիթոլի գրասենեակին մէջ կազմակերպուած յատուկ արարողութեան ընթացքին:

Քոնկրեսական Փալոնը 1995 թուականին համահիմնադրեց Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբը եւ այդ ժամանակէն ի վեր կը հանդիսանայ այդ երկկուսակցական կառոյցին համանախագահներէն մէկը: Անոր գործունէութիւնը վճռորոշ դեր ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններու պաշտպանութեան մէջ:

«Քոնկրեսական Փալոնի առաջնորդութիւնը Քոնկրեսի մէջ` Հայաստանի եւ հայ-ամերիկեան հարցերու շուրջ, օրինակելի է»,— նշած է Թանիել Քուշակճեան` Հայ-ամերիկեան խորհուրդի Ուաշինգթընի մէջ գործող կառավարական յարաբերութիւններու գործադիր տնօրէնը: «Այս մրցանակը կը գնահատէ ոչ միայն անոր տասնամեակներու ծառայութիւնը, այլեւ արժեհամակարգը` հիմնուած ազնուութեան եւ խիզախութեան վրայ, որ կը շարունակէ ձեւաւորել Ամերիկեան քաղաքականութիւնը եւ ոգեշնչել ապագայ սերունդները»,— աւելցուցած է Քուշակճեան:

Մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնց ազնուութիւնը, խիզախութիւնը եւ արդարութեան նկատմամբ նուիրուածութիւնը կ’արտացոլեն Ստեփան Սապահ-Կիւլեանի ժառանգութիւնը: Քոնկրեսական Փալոնի երկարամեայ գործունէութիւնը` որպէս Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի համանախագահ, մնայուն ազդեցութիւն ունեցած է թէ’ հայ-ամերիկեան համայնքին, թէ’ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Հայ-ամերիկեան խորհուրդը հպարտ է գնահատել անոր շարունակական նուիրումը` ուղղուած ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սկզբունքային առաջնորդութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment