Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԽ Նիստին Քննարկուած Են ՀՀ-ի Դէմ Կիրառուող Հիպրիտային Սպառնալիքներուն Հակազդելու Միջոցառումները

ԱԽ Նիստին Քննարկուած Են ՀՀ-ի Դէմ Կիրառուող Հիպրիտային Սպառնալիքներուն Հակազդելու Միջոցառումները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կայացած է Անվտանգութեան Խորհուրդի հերթական նիստը։

Նիստին, Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներէն բացի, մասնակցած են նաեւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը։

Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու բարեփոխումներու ընթացքին, Հայաստանի դէմ կիրառուող հիպրիտային սպառնալիքներուն հակազդման միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ առցանց հարթակներու վրայ, այդ շարքին՝ ընկերային ցանցերու վրայ, երեխաներու պաշտպանութեան առնչուող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment