Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զգուշօրէն Բաց Ենք ԵՄ-ն Ընդլայնելու՝ Ժողովրդավարութիւնը, Անկախութիւնը, Խաղաղութիւնը Ընտրող Երկիրներուն Համար

Զգուշօրէն Բաց Ենք ԵՄ-ն Ընդլայնելու՝ Ժողովրդավարութիւնը, Անկախութիւնը, Խաղաղութիւնը Ընտրող Երկիրներուն Համար

by MassisPost

«Հայաստանը Լեհաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 1992 թուականի Փետրուար 26-ին։ Այդ օրերն ու ամիսները անհանգստութեամբ լեցուած էին, երբ կը հաստատէինք դիւանագիտական յարաբերութիւններ նախկին խորհրդային պետութիւններուն հետ։ Լեհաստանը կը քաջալերէր այն պետութիւնները, որոնք կ’ընտրէին իրենց անկախութիւնը»։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ յայտարարութեան ընթացքին այս մասին ըսաւ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք:

«Այսօր կրնամ նշել, որ հայ-լեհական յարաբերութիւններն ու մեր անձնական յարաբերութիւնները ընկերութիւն են առանց որեւէ նախապայմանի։ Մենք ունինք նմանատիպ նպատակներ։ Լեհաստանի մէջ շատ կը գնահատեն հայերը եւ Ձեր աշխատանքը։ Ես գիտեմ, թէ որքան ջանք անհրաժեշտ եղած է իրականացնելու այն քաղաքական տեսլականը ձեւակերպելու ճանապարհին։ Նաեւ պէտք է հանրութեան ներկայացնել, որ չափազանց կարեւոր է խաղաղութիւնը։ Կ’ուզեմ ըսել, որ շատ գովելի է, որ Հայաստանը բռնած է եւրոպական ուղին, եւ սա շատ բաց թեմա է քննարկումներուն համար, թէ ինչպէս ընդլայնել ԵՄ-ի այդ մեծ ընտանիքը:

«Շատ հետաքրքրական միջադէպ եղաւ․ երէկ Իսլանտայի վարչապետը այստեղ էր, երկիր մը, որ աշխարհագրական մէկ այլ ուղղութենէ է, եւ շուտով անոնք հանրաքուէ կ’ուզեն կազմակերպել, եւ մենք կը զրուցէինք, շատ իրապաշտական տեսլական կը տեսնէինք, թէ ինչպէս կրնանք բանալ այդ ճանապարհը Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, որպէսզի այդ լինի կիրառական ընթացակարգ: Մենք շատ զգուշութեամբ, բայց յստակօրէն բաց ենք ԵՄ-ն ընդլայնելու այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք կ’ընտրեն ժողովրդավարութիւնը, անկախութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Ես վստահ եմ, որ Ձեր վարած քաղաքականութիւնը ա՛յդ ճանապարհով կ’ընթանայ, եւ կ’ուզեմ եւս մէկ անգամ Ձեր մօտեցման համար խոր երախտագիտութիւնս յայտնել»,- ըսաւ Լեհաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment