Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ.Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանին եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանին եւ Վարիչ Մարմինի փոխ ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանին։
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ մեր ժողովուրդը յուզող Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը։ Այս ծիրին մէջ մտահոգութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում կատարուեցաւ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ համայնքին։ Վեհափառ Կաթողիկոսը յատկապէս շեշտեց երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն միասնական ոգիով ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ մասնակցելու հրամայականը։
Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։
Նոյն օրը՝ ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը այցելութիւններ տուին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:
Հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն ու մտահոգութիւնները, տարածաշրջանի նորագոյն զարգացումներն ու մարտահրաւէրները: Վեր. Հայտոսթեան եւ Հոգեւոր Տէրը Հնչակեան պատուիրակութեան հետ նաեւ միտքեր փոխանակեցին ազգային կարեւորագոյն թղթածրարներուն եւ հրատապ մտահոգութիւններուն շուրջ: Զոյգ ժողովներուն ընթացքին շեշտուեցաւ սփիւռքի մէջ միասնականութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան հրամայականը:



