Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Ատրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանը Ետ Կանչած է

Ֆրանսան Ատրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանը Ետ Կանչած է

by MassisPost

Պաքուն արձագանգած է Ֆրանսայի՝ Ատրպէյճանի մէջ իր դեսպանը ետ կանչելու որոշման:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն մասնաւորապէս ըսած է, որ թէեւ ֆրանսական կողմը կը մեղադրէ Ատրպէյճանը միակողմանի գործողութիւններու մէջ, սակայն Ատրպէյճանի քայլերն ու Ֆրանսային ուղղուած պաշտօնական յայտարարութիւնները պարզապէս պատասխան էին «Փարիզի ապակառուցողական գործունէութեան»։

Հաճիզատէի խօսքով՝ Ֆրանսայի գործողութիւնները վերջին երեքուկէս տարիներու ընթացքին «կասկածի տակ դրած են ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը եւ նպաստած են իրավիճակի սրման». «Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնները Ատրպէյճանի դէմ, որոնք արտացոլուած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, Եւրոմիութեան, Ֆրանքոֆոնի եւ այլ միջազգային հարթակներու փաստաթուղթերուն եւ բանաձեւերուն մէջ, ցոյց կու տան, որ չէզոք միջնորդի դերին մէջ այս երկրին յաւակնությունները միանգամայն անհիմն են»:

Հաճիզատէ նշած է, որ Պաքուին հասցէագրուած մեղադրանքները միակողմանի գործողութիւններու մէջ «հիմնաւոր չեն»:

Միանգամայն պարզ է, որ Ֆրանսայի գործողութիւնները, որ լայնօրէն կը զինէ Հայաստանը եւ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ ռազմատենչութեան, չեն ծառայեր խաղաղութեան։ Ատրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտարարած է Ֆրանսային, որ սպառնալիքներու եւ ճնշումներու լեզուով խօսիլը որեւէ արդիւնքի պիտի չբերէ, եւ եւս մէկ անգամ կը յայտարարէ, որ պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ պաշտպանելու իր ազգային շահերը»,- յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը։

Յիշեցնենք. Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն նախօրէին յայտարարած էր, որ Ֆրանսան որոշած է ետ կանչել Ատրպէյճանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար՝ Ատրպէյճանի կողմէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վնասող միակողմանի գործողութիւններու համար։

Ֆրանսան նաեւ վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment