Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանին Լարուածութեան Աւելացումը Արդարացում Պիտի Չունենայ, Որեւէ Կողմի Նախայարձակումը Պիտի Խաթարէ Խաղաղութեան Հեռանկարը․ Պլինքըն

Սահմանին Լարուածութեան Աւելացումը Արդարացում Պիտի Չունենայ, Որեւէ Կողմի Նախայարձակումը Պիտի Խաթարէ Խաղաղութեան Հեռանկարը․ Պլինքըն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետակա Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Մեթիու Միլլըր հաղորդագրութիւն տարածած եւ մանրամասնած է, թէ ինչ խօսած են պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Ըստ հաղորդագրութեան, Պլինքըն վերահաստատած է ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը եւ ընդգծած է գործընկերային նախաձեռնութիւններուն աճը, ներառեալ՝ ուժանիւթի եւ կլիմայի առաջնահերթութիւնները:

«Պետական քարտուղար Պլինքըն եւ նախագահ Ալիեւ քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը, որ տնտեսական օգուտ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին։ Պետական քարտուղարը ընդգծած է, որ սահմանին լարուածութեան աւելացման որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ եւ զգուշացուցած է, թէ որեւէ կողմէն նախայարձակ գործողութիւններն ու հռետորաբանութիւնը պիտի խաթարեն խաղաղութեան հեռանկարները։

Պետական քարտուղարը վերահաստատած է Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հետ կապուած իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ յանձնառութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ըրած է ազատ արձակելու անարդարացիօրէն ձերբակալուածները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ապրիլ 3-ին ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հեռախօսազրոյց ունեցած էին, որուն ընթացքին Պլինքըն շեշտած էր, որ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի եռակողմ հանդիպումը ուղղուած չէ Ատրպէյճանի դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment