Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Որեւիցէ Բան Չի Պատրաստուիր Զիջելու, Ստոր Շահարկումներ Են․ Ալէն Սիմոնեանը՝ Տաւուշի Շուրջ Լուրերուն Մասին

ՀՀ-ն Որեւիցէ Բան Չի Պատրաստուիր Զիջելու, Ստոր Շահարկումներ Են․ Ալէն Սիմոնեանը՝ Տաւուշի Շուրջ Լուրերուն Մասին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Պետրոս Ղազարեանի հետ «Հարցազրոյց»-ին անդրադարձաւ նաեւ Տաւուշի գիւղերը հակառակորդին զիջելու վերաբերեալ խօսակցութիւններուն։ Ըսաւ Հայաստանի իշխանութիւնը որեւիցէ պարագային որեւէ հայկական տարածքի վերաբերեալ նոյնիսկ քննարկման չի պատրաստուիր։

«Մենք դրա օրինակն ունենք, երբ որ խօսքը գնում էր «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուածի մասին, մենք յստակ ասացինք, որ եթէ մեզ ինչ-որ բան պարտադրուի, մենք պէտք է կռուենք մինչեւ վերջ։ Եւ այսօր էն խօսակցութիւնները, որոնք կան, ստոր շահարկումներ են։ Նոյնիսկ էն պարագայում, երբ ասում ենք վտանգը կայ, եւ վերջերս պատերազմական առումով անյաջողութիւն ենք կրել, եթէ մեզ փորձ արուի ասել, թէ օրինակ այն սարը պէտք է անցնի էս կողմ, հակառակ դէպքում մենք յարձակուելու ենք, ՀՀ իշխանութեան պատասխանը մէկն է՝ մենք կռուելու ենք։ Եւ եթէ նոյնիսկ պէտք է պարտուենք ու դա իրենք վերցնեն, միեւնոյնն է, մենք դա պէտք է անենք կռուով։

«Ոեւէ մէկը որեւէ բան ՀՀ տարածքից ոչ պատրաստւում է, ոչ քննարկում է, ոչ էլ կարող է վերցնել։ Ինչը մերն է՝ կը մնայ մերը, ինչը իրենցն է, իրենցը», ըսաւ Սիմոնեան՝ քարտէզի վրայ ցոյց տալով այն հատուածը, որու սահմանազատման Հայաստանը պատրաստ է։

«Հարց են բարձրացնում կապուղիների մասին։ Այդ տարածքում կազատար չկայ։ Կայ ճանապարհի մի կտոր, երբ խօսակցութիւնը գայ հասնի այնտեղ, որ պէտք է հասկանալ, թէ դրա հետ ինչ ենք անելու, կը նայենք մեր համար որն է ամենայարմար տարբերակը, կ’անենք», ըսաւ Ալէն Սիմոնեան։

Երբ որ սահմանազատումը կատարուի, Ատրպէյճանը այսինքն կը ճանչնա՞յ մեր սահմանը՝ հարցումին ի պատասխան, Ազգային Ժողովի նախագահը ըսաւ՝ հապա ի՞նչ պէտք է ընէ։ ՀՀ սահմանը ճանչնալով իր սահմանը կը ճանչնայ։ Ատրպէյճանի սահմանը պիտի ըլլայ նաեւ մեր ճանչնալով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment