Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զախարովա. Ռուսաստանը Կ’ենթադրէ, Որ Փաշինեանը Պիտի Օգտուի Փութինի Հրաւէրէն

Զախարովա. Ռուսաստանը Կ’ենթադրէ, Որ Փաշինեանը Պիտի Օգտուի Փութինի Հրաւէրէն

by MassisPost

Ըստ Ռուսաստանի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի օգտուի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրէն եւ Դեկտեմբեր 25-26-ին պիտի ժամանէ Սան Փեթերպուրկ, ուր պիտի մասնակցի Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի եւ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու աւանդական նախաամանորեայ հանդիպման: Այնտեղ, փաստօրէն, հնարաւոր պիտի ըլլար բարձրացնել բոլոր հետաքրքրող հարցերը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր առումներու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը բազմիցս եւ մանրամասնօրէն արտայայտուած է թէ՛ նախագահին, թէ՛ Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան ղեկավարին կողմէ։ Մոսկուայի մէջ, առաջնորդուելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթով, մենք մշտապէս պատրաստ ենք հարցերը քննարկելու հանգիստ, արհեստավարժ եւ գործընկերային ձեւով», ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment