Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հիքմեթ Հաճիեւ. «Ատրպէյճանը Այլեւս Ռազմական Նպատակներ Չունի»

Հիքմեթ Հաճիեւ. «Ատրպէյճանը Այլեւս Ռազմական Նպատակներ Չունի»

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին անդամները պէտք է այլ մօտեցում ցուցաբերեն, քանի դեռ Սպիտակ տունը կրնայ միջնորդական դեր խաղալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բարդ եւ ռազմավարական խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ։ Այս մասին «Newsweek»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

Ան ըսած է, թէ Ամերիկայի միակողմանի դիրքորոշումը Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ հակամարտութեան վերաբերեալ «անհանգստութիւն» յառաջացուցած է Պաքուի մէջ։ Հաճիեւը մեկնաբանած է ենթադրութիւնները, թէ սեպտեմբերեան գործողութիւնը (Ղարաբաղի մէջ – Խմբ.) համակարգուած եղած է Մոսկուայի հետ․ «Սա հերթական կեղծ վարկածն է, որ կը հետապնդէ հայկական կողմը։ Մենք այս գործողութիւնը սկսելու ծրագիր չունեինք… Այլ ելք չմնաց»։

Պաքուն հետագայ ռազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, շարունակած է Հաճիեւը՝ հերքելով մտավախութիւնները, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրնան գործողութիւն իրականացնել Հայաստանի հարաւը՝ Նախիջեւան տանող ցամաքային ճանապարհ կառուցելու համար։

«Մենք կը տեսնենք կեղծ տագնապ եւ ջղագրգռութիւն Հայաստանի կողմէ, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք որոշ գործընկերներու յայտարարութիւններ այն մասին, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանը այլ մտադրութիւններ ունի։ Ատրպէյճանը այլեւս չունի ռազմական նպատակներ. մեզի համար պատերազմն ու դիմակայութիւնը աւարտած են։ Մենք ստացանք այն, ինչին արժանի էինք», նշած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment