Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այն Ինչ Չեմ Կրցած Ըսել 2018, 2019, 2020 Թուականներուն, Կ’ըսեմ Հիմա. Մենք Կ’ուզենք ՀՀ Ինքնիշխանութիւն, Տարածքային Ամբողջականութիւն, Անկախութիւն. Փաշինեան

Այն Ինչ Չեմ Կրցած Ըսել 2018, 2019, 2020 Թուականներուն, Կ’ըսեմ Հիմա. Մենք Կ’ուզենք ՀՀ Ինքնիշխանութիւն, Տարածքային Ամբողջականութիւն, Անկախութիւն. Փաշինեան

by MassisPost

«Մենք ուզում ենք ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, պետականութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը», Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ի պատասխան հարցումին, թէ մենք հիմա ինչ կ’ուզենք, ԼՂ հարց կա՞յ, թէ՞ այլեւս չկայ:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ ինքը ՀՀ վարչապետն է եւ պէտք է առաջնորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը:

Ինչպէս նշեց վարչապետը, ՀՀ միջոցներուն առիւծի բաժինը դրուած է ԼՂ հարցին վրայ. «ՀՀ-ն արտաքին քաղաքականութիւն չի ունեցել, ունեցել է ԼՂ քաղաքականութիւն, ՀՀ-ն անվտանգութեան օրակարգ չի ունեցել, ունեցել է ԼՂ անվտանգութեան օրակարգ եւ այդպէս շարունակ: Այն միջոցները, որ պէտք է դնէինք ՀՀ ստեղծելու վրայ, դրել ենք ԼՂՀ-ն ստեղծելու վրայ»:

Անոր խօսքով՝ ՀՀ-ն իր միջոցը ծախսած է հարցի մը լուծման վրայ, որուն լուծումը ի սկզբանէ միջազգային հանրութիւնը չէ տեսած:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց. «Այն, ինչ ես չեմ կարողացել ասել 2018, 2019, 2020 թուականներին, ասում եմ հիմա»:

Վարչապետ Փաշինեանը անդրադառնալով Ռուսիոյ Աարտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան, թէ Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութիւնները հիմնականին մէջ Հայաստանի պատճառով չեն կատարուած՝ ըսաւ․ «Ես ՌԴ ԱԳՆ-ին խորհուրդ կը տամ վերցնել Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը եւ կարդալ՝ 8-րդ կէտը ներառեալ, դեռ 9-րդ  կէտը դնենք մի կողմ։ Թող մինչեւ 8-րդ կէտը կարդան, տեսնեն՝ ով ինչ պարտաւորութիւն չի կատարել։ Այսինքն՝ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ գրած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է ԼՂ-ի վրայ յարձակուի, այդ ընթացքում ռուս խաղաղապահները պէտք է թաքստոցներում լինե՞ն»։

Փաշինեանը ուշադրութիւն հրաւիրեց հետեւեալին․ «ՌԴ խաղաղպահ զօրախումբը ԼՂ գործուղուել է ՌԴ Դաշնային ժողովի կայացրած որոշման հիման վրայ եւ էդ դաշնային ժողովի որոշման մէջ գրուած է, որ ՌԴ զօրախումբը էնտեղ է քաղաքացիական բնակչութեանը պաշտպանելու համար։ Ո՞ւր է հիմա ԼՂ քաղաքացիական բնակչութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment