Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մահացած Է Նիկոլայ Ղազարեանը

Մահացած Է Նիկոլայ Ղազարեանը

by MassisPost

Կեանքէն հեռացած է «Արարատ-73»-ի ֆութպոլիստ Նիկոլայ Ղազարեանը: Այս մասին յայտնած են թիւ 8 հիւանդանոցէն, ուր վերջին օրերուն կը գտնուէր Ղազարեանը: Նիկոլայ Ղազարեանի մահուան պատճառը ծանր հիւանդութիւնն է։

Նիկոլայ Ղազարեանը ծնած է 1947 թուականին: 1969 թուականէն ԽՍՀՄ ֆութպոլի «Ա» խումբի ախոյեանութեան, այնուհետեւ՝ բարձրագոյն լիկային մէջ հանդէս եկած է Երեւանի «Արարատ»-ի կազմին մէջ: 1971 թուականին «Արարատ»-ի հետ դարձած է ԽՍՀՄ առաջնութեան արծաթէ մետալակիր, 1973 թուականին՝ ԽՍՀՄ բաժակակիր եւ առաջնութեան ոսկէ մետալակիր: Եղած է ԽՍՀՄ պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներու անդամ: Պարգեւատրուած է ՀՍՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատուոգրով: Մասնակցած է 229 խաղի, խփած է 49 կոլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment