Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ֆրանսական Ռազմական Գնումներով Նոր Դարաշրջան Կը Նշէ. Intellinews

Հայաստանը Ֆրանսական Ռազմական Գնումներով Նոր Դարաշրջան Կը Նշէ. Intellinews

by MassisPost

Հայաստանը ֆրանսական ռազմական գնումներով նոր դարաշրջան կը նշէ. Intellinews պարբերականին մէջ գրած է արցախեան հակամարտութիւնը լուսաբանող գանատացի լրագրող Նիլ Հաուըրը։

«Ամիսներ շարունակ շահարկումներէ յետոյ Ֆրանսայի հետ Հայաստանի աճող պաշտպանական գործընկերությունը վերջապէս շօշափելի դարձաւ այս ամիս», կը գրէ հեղինակը՝ վկայակոչելով Նոյեմբեր 12-ին տարածուած տեղեկութիւնը, որ ֆրանսական արտադրութեան «Bastion» զրահափոխադրիչները Վրաստանով կը ժամանեն Հայաստան։

«2020-ի ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին բանակին հասցուած հարուածէն յետոյ, Հայաստանի համար սա նշանակալի փուլ է։ Երբ ՀՀ-ի աւանդական մատակարար Ռուսաստանը ե՛ւ անկարող էր, ե՛ւ չուզեց զէնք ուղարկել, Երեւանը յուսահատօրէն կը փնտռէր ռազմական գնումներու այլ գործընկերներ: Այժմ, արդէն հաստատելով նաեւ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական գնումներու աշխատանքային յարաբերութիւնները, Հայաստանը յոյսով է, որ ֆրանսական ներկայիս բեռնափոխադրումները երկարատեւ գործընկերութեան միայն առաջին քայլն է», կը գրէ հեղինակը։

Ըստ Նիլ Հաուըրի՝ զրահասարքի ժամանումը տեղի ունեցած է երկար բանակցութիւններէ յետոյ։

«Այդ առնուազն մէկ տարուան բանակցութիւններու արդիւնք է, եթէ ոչ աւելին», հեղինակին հետ զրոյցին հաստատած է պաշտպանական վերլուծաբան եւ Երեւանի կիրառական քաղաքականութեան հետազօտական հիմնարկի գիտաշխատող Լէոնիտ Ներսիսեանը: «Կը կարծեմ՝ գործընթացը աշխուժօրէն սկսած է 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ։ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները միշտ եղած են բաւականին բարձր մակարդակի վրայ, եւ այժմ Հայաստան-Եւրոմիութիւն եւ Հայաստան-ԱՄՆ աւելի լաւ յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ նման գործարքները իրատեսական դարձած են», ըսած է Ներսիսեան։

Հեղինակը կը նշէ, որ այժմ իրական մտավախութիւններ կան, որ Ատրպէյճանը կրկին պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ։ «Այս ծանր պայմաններուն մէջ երկրի զինուած ուժերու հզօրացումը ունի վճռորոշ նշանակութիւն», կը գրէ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment