Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Կազի Հետ Կապուած, Կը Գիտակցինք, Թէ Ինչպիսի Անվտանգային Վտանգներ Կը Պարունակէ Մէկ Մատակարարէ Կախուած Ըլլալը»․ Նախագահ Խաչատուրեան

«Կազի Հետ Կապուած, Կը Գիտակցինք, Թէ Ինչպիսի Անվտանգային Վտանգներ Կը Պարունակէ Մէկ Մատակարարէ Կախուած Ըլլալը»․ Նախագահ Խաչատուրեան

by MassisPost

«Կազի հետ կապուած բոլորս ենք գիտակցում, թէ ինչպիսի անվտանգային վտանգներ է պարունակում, երբ որ մենք կախուած ենք ընդամէնը մէկ մատակարարից», «Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառի ներկան եւ ապագան» խորագրով համաժողովին ժամանակ յայտարարեց նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը՝ շեշտելով, որ կապ չունի, թէ մատակարարը ով է, ինչ է։

«Շուկայական տնտեսութեան մէջ որեւէ բնագաւառում, որտեղ կայ մենաշնորհ, այնտեղ զարգացում չի կարող լինել», ըսաւ նախագահը՝ կարեւորելով ոլորտին մէջ բարեփոխումները։

Որպէս լրջագոյն աշխատանք Խաչատուրեան շեշտեց ԱՄՆ-ի ՄԶԳ գործակալութեան աշխատանքը՝ նշելով, որ այն մշտապէս աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին այս բարեփոխումները շարունակական դարձնելու համար։

Նախագահը որպէս օրինակ նշեց ելեկտրուժի մատակարարման բնագաւառը՝ ընդգծելով, որ բարեփոխումները արդիւնքներ արդէն կու տան։

«Մեր ուժանիւթային հաւասարակշռութեան մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ են տեղի ունենում եւ սպասուելիք ժամանակաշրջանում այդ փոփոխութիւններն աւելի մեծանալու են», ըսաւ նախագահը՝ վկայակոչելով կառավարութեան որոշումը։

«Փոփոխութիւնների արդիւնքում վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրների կիրառմամբ արտադրուած ելեկտրուժի մասնաբաժինը վերջնական սպառման մէջ 2030 թուականին, ներառեալ նաեւ խոշոր հիտրոկայանները, կը հասնի 50 տոկոս, իսկ 40 թուականին՝ 60 տոկոս։ Այստեղ, եթէ մենաշնորհային կառավարման ցանկութիւնը լինի, խոչընդոտ է լինելու, պէտք է կարողանալ կարգաւորող մարմինների միջոցով այդ ախորժակը նուազեցնել», ըսաւ Խաչատուրեան։

Հայաստանը ներկայիս կազ կը ստանայ Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, Իրանին կազի դիմաց ելեկտրականութիւն կը մատակարարէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment