Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Ռոպերթ Քոչարեանէն Բռնագանձել 20 Ապօրինի Անշարժ Գոյք՝ Հիւսիսային Պողոտային Վրայ Շէնքեր

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Ռոպերթ Քոչարեանէն Բռնագանձել 20 Ապօրինի Անշարժ Գոյք՝ Հիւսիսային Պողոտային Վրայ Շէնքեր

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանին մէջ մեկնարկած է ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր ընտանիքին գործով դատավարութիւնը։ Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարչութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ անոր ընտանիքի անդամներէն յօգուտ պետութեան կը պահանջէ բռնագանձել վերջիններուս ենթադրեալ ապօրինի համարուող գոյքը։

Ռոպերթ Քոչարեանի վերաբերեալ հայցադիմումով պատասխանող են Ռոպերթ Քոչարեանը, վերջինիս կինը՝ Պելլա Քոչարեանը, որդիները՝ Լեւոն եւ Սեդրակ Քոչարեանները, վերջիններուս կանայք՝ Սիրանոյշ Քոչարեանը (երգչուհի Սիրուշօ), Զարուհի Բադալեանը, աղջիկը՝ Գայիանէ Քոչարեանը, վերջինիս ամուսինը՝ Վիգէն Չատինեանը։

Ներկայացուած միւս հայցադիմումով պատասխանող են Սեդրակ Քոչարեանն ու կինը՝ Զարուհի Բադալեանը։ Նշենք, որ Դատախազութեան կողմէ նախնական ուսումնասիրութեան արդիւնքով ապօրինի դիտարկուած եւ ապահովման միջոց կիրառուած է 20 անշարժ գոյքի նկատմամբ, որոնց շարքին՝ Տէրեան, Աբովեան, Պարոնեան փողոցներուն, Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող շէնքեր, բնակարաններ, ինքնաշարժի կայանատեղիներ եւ հասարակական նշանակութեան տարածքներ, Ծաղկաձորի մէջ գտնուող հանգստեան տուն, Իսակովի պողոտայի 2 անշարժ գոյք։

Հակափտածութեան դատարանին մէջ կայացած գործով նախնական դատական նիստին նախագահն էր դատաւոր Նարինէ Աւագեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment